«Մեր կառավարութիւնը ընդհարումի կառավարութիւն պիտի չըլլայ» ըսաւ Լիբանանի նորանշանակ վարչապետ Հասսան Տիապ:
Արդարեւ ան ուշագրաւ յայտարարութիւն մը կատարելով նկատել տուաւ, որ իր կազմելիք կառավարութիւնը ընդհարումի կամ բախումի կառավարութիւն մը պիտի չըլլայ։ Տիապ, որ նոր կառավարութիւն մը կազմելու առընթեր շաբաթավերջին խորհրդակցութիւններ կատարեց նախ երեսփոխաններու հետ՝ Խորհրդարանին մէջ ընդունելով քաղաքական գործիչներ, երեսփոխանական պլոքներու ներկայացուցիչներ եւ նախկին վարչապետներ, անոնց հետ խորհրդակցելու համար նոր կառավարութեան կազմութեան ընդհանուր ձեւաչափին մասին։ Շաբաթ օր, Խորհրդարան առաջին հասնողներէն եղած են խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի, նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրի եւ Թամմամ Սալամ, որոնք բոլորն ալ հանդիպում ունեցան վարչապետ Հասաան Տիապին հետ։ Նշենք, որ այս խորհրդակցութիւնները պարտադիր խորհրդակցութիւններ չէին:
Ապա Կիրակի օր ան իր տան մէջ հանդիպում ունեցաւ ժողովրդային ընդվզումի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց մեծամասնութեան ներկայացուցչութիւնը հարցական նկատուեցաւ:
Նորանշանակ վարչապետը յայտարարեց, թէ ինք պատրաստ է գործակցիլ բոլոր կողմերուն հետ եւ գործադրել երկիրը տագնապէն դուրս բերող տնտեսական բարեփոխումներ։ Նշենք, որ Տիապի այս յայտարարութիւնները կատարուեցաւ այն բանէն ետք երբ արեւմտեան մամուլի մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ Տիապը որակեցին «Հըզպալլա»ի թեկնածուն, հետեւաբար նաեւ իր կազմելիք կառավարութիւնը «Հըզպալլա»ի կառավարութիւն։
Միւս կողմէ Քուէյթեան «Ալ Քապաս» թերթը հաղորդեց, որ Լիբանան յառաջիկայ օրերուն նոր կառավարութիւն պիտի ունենայ։ Թերթի աղբիւրները այս մասին տեղեկութիւն հաւաքած են կապ հաստատելով իշխանութեան մօտիկ պատասխանատուներու հետ։ Նոյն աղբիւրները նաեւ հաղորդած են, որ Լիբանանի նորանշանակ վարչապետ Հասսան Տիապին առջեւ մեծ պատուարներ չկան եւ ան շատ արագ քայլերով պիտի յաջողի նոր կառավարութիւն կազմելու պատասխանատու գործն իրականացնել։ Կը նշուի նաեւ, որ եթէ Տիապ կարողանայ իր ուսերուն դրուած առաքելութիւնն իրականացնել, ապա երկար ժամանակէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան պիտի օժտուի միագոյն կառավարութիւնով, եւ տապալած պիտի ըլլայ «ազգային միասնութեան» կառավարութիւն կազմելու փոխընտրանքը։ Քուէյթեան թերթը նաեւ նկատել կու տայ, որ վերջին տարիներուն «ազգային միասնութեան» գաղափարով կազմուած կառավարութիւնները արդիւնաւէտ չեն եղած տնտեսական եւ ընկերային բարդ դրութեան մէջ գտնուող Լիբանանին համար։
Այս բոլորին առընթեր Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ Կիրակի կէսօրէ ետք բողոքի ցոյց մը կատարուեցաւ ընդհանրապէս վարչապետ Սաատ Հարիիրի կողմնակիցներուն կողմէ, որոնք այնտեղ հաւաքուեցան մերժելու Տիապի նշանակումը:






