Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Սուրբ Ծննդեան Համերգը

Երկրին ներկայ պայմանները երբեք չեն կրնար արգիլել հայ քրիստոնեային ապրելու համար Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը իր բուն իմաստով: Յիսուսի Ծնունդը հոգեւոր երջանկութիւն կը պատճառէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս, արդարեւ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնութիւնը առիթ ստեղծեց բոլորին, ապրելու համար կենարար այս աւետիսին ուրախութիւնը եւ զգալու հոգեւոր անհատնում երջանկութիւնը:

Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ հոծ բազմութիւն մը, ներկայութեամբ պատուոյ հիւրերու Լիբանանի Ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեանի, Լիբանանի Կաթողիկէ եկեղեցիներու Ընդհանուր Քարտուղար Հայր Պըթրոս Ազարի, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանի, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի վարժարաններու ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներու, որոնք անհամբեր կը սպասէին ըմբոշխնելու Սուրբ Ծննդեան տօնի համերգը մենակատարութեամբ վարժարանիս երգի ուսուցչուհի Տիկ. Սոնա Փամպուքեանի եւ հիւր երգչուհի Օրդ. Էլսի Եուսիֆի, նուագի ընկերակցութեամբ վարժարանիս բազմատաղանդ ուսուցիչ Պրն. Ռաֆֆի Տէր Առաքելեանի, եւ մասնակցութեամբ վարժարանիս աշակերտական երգչախումբին:

Սուրբ Ծննդեան փունջ մը ընտիր երգերով, յիսուն վայրկեան տեւողութեամբ, մենակատարները իրենց բիւրեղ ու հմայիչ ձայներով, ներկաները փոխադրեցին դէպի հոգեւոր աշխարհ, ուր կան անհուն սէր ու համերաշխութիւն:

Համերգի աւարտին վարժարանիս տնօրէն Պրն. Արամ Գարատաղլեան, մեծ ոգեւորութեամբ, խորին շնորհակալութիւն յայտնեց անհատաբար բոլորին եւ յայտնեց, որ այս համերգին նպատակն էր դժուար օրերուն մէջ Ծնունդի խինդն ու խանդը ներշնչել իւրաքանչիւր անհատի մէջ, որպէսզի Քրիստոսի ուժով միասնաբար դիմագրաւենք ու յաղթահարենք ամէն տեսակի դժուարութիւնները, ապա ան հրաւիրեց Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանը, որուն հետ յուշանուէրներով երախտագիտութիւն յայտնեցին համերգի արուեստագէտներուն: Աւարտին Հայր Սեպուհ Տէրունական աղօթքով եւ պահպանիչով փակեց օրուան խորհրդաւոր յայտագիրը:

Ներկաները լեցուած ոգեշունչ երգերով, Յիսուս Քրիստոսի փրկարար յոյսի ու լոյսի   գրաւականով դուրս եկան եկեղեցիէն, որոնց կը սպասէր կոկիկ հիւրասիրութիւն մը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին