Երեքշաբթի, 29. 07. 2025

spot_img

Ջատագովենք Ստեփանոսի Դատը

«Ատեանին մէջ նստողները իրենց հայեացքը Ստեփանոսի դարձուցին եւ տեսան անոր դէմքը, որ հրեշտակի դէմքի կը նմանէր» (Գրծ 6.15):

Իսկական քրիստոնեայ մարդը՝ Սուրբ Հոգիով վերածնած, լեցուած ու օծուած մարդն է. Յիսուսի սիրով արբեցած եւ Յիսուսի սրբութեամբ պարուրուած մարդն է. երկրի վրայ ապրող երկնային արարած մըն է. հրէշներու մէջ ապրող հրեշտակ մըն է: Այդպիսին էր սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագը, որ եղաւ առաջին նահատակ վկան Քրիստոսի:

Ս. Ստեփանոս Յուդայի թագաւորական ցեղէն էր։ Այն ցեղէն, որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կը պատկանէր։ Ան ներկայ էր Քրիստոսի Տնօրինական խորհուրդներուն. Չարչարանքին, Խաչելութեան, Թաղման, Յարութեան, Երկինք Համբարձման եւ Հոգեգալստեան։ Այդ Տէրունի Խորհուրդներով հոգեկան սնունդ ստացած եւ հոգեպէս զօրութեամբ լեցուած էր։ Ան երբ ներկայացաւ ատեան, նստողները «տեսան անոր դէմքը, որ հրեշտակի դէմքի կը նմանէր» (Գրծ 7.15), այլ խօսքով՝ շարականագիրին բառերով լուսեպսակ մը տեսան եւ առաքեալները զինք կոչեցին՝ Ստեփանոս, որ յունարէն լեզուին մէջ կը նշանակէ՝ Պսակաւոր։ Ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խաչելութեան պահուն, գլխուն կրեց փշեպսակը, այդպէս ալ Ս. Ստեփանոս քարկոծման պահուն, գլխուն կրեց ճշմարիտ լուսեպսակը։

Ս. Ստեփանոս բազմաթիւ հրաշքներ կը կատարէր: Ան լիացած էր Ս. Հոգւով, եւ աստուածային շնորհքը լաւապէս ընկալած էր իր ներսիդին: Քրիստոսի մասին անսասանօրէն վկայելով՝ կը քարոզէր, իբրեւ ճշմարիտ Սարկաւագ հաւատարմօրէն ծառայելով։

Երբ հրեաներ եւ քահանաներ կը լսէին Ս. Ստեփանոսի քարոզները, Մովսիսական Օրէնքին նկատմամբ հայհոյանք կը համարէին զանոնք, որովհետեւ չէին հասկցած ճշմարիտ Բանը: Անոնց մէջէն կը բացակայէր ճշմարիտ հաւատքը, ճշմարիտ կեանքը, Ս. Հոգիին առաքինութիւնները։

Ս. Ստեփանոս չէր եկած դատապարտելու հրեաները, ոչ ալ դատելու զանոնք. ան եկած էր ըսելու համար, որ մտիկ ընեն Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքը, ապրին Անոր կամքին համաձայն եւ Ս. Հոգիով լեցուին։

Ս. Ստեփանոս եկած էր ըսելու համար, թէ ես եմ ձեր խղճի ձայնը, արթնցէ՛ք ձեր թմբիրէն եւ տեսէ՛ք ճշմարիտ ճանապարհը եւ կեանքը, ծառայեցէ՛ք Անոր համար, որ իր կեանքը մեզի տուաւ: Թէպէտեւ սպանեցիք մեր կեանքի Առաջնորդը, սակայն տակաւին զղջալու ժամանակը ունիք՝ զղջացէ՛ք, երբ տակաւին ապաշխարելու ժամանակը ունիք՝ ապաշխարեցէ՛ք։

Աստուած կը լսէ եւ կը ներէ մեզի, թէեւ այդտեղ գտնուող քահանաները չլսեցին, բայց հետագային մէկ հոգի լսեց Ստեփանոսի քարոզը եւ դարձաւ Քրիստոսի մեծագոյն Առաքեալներէն մին՝ Պօղոսը, երբ այդ ժամանակ Սօղոս կը կոչուէր: Սօղոս այն անձն էր, որ սուտ վկաները իրենց թիկնոցները իրեն կը յանձնէին: Ան նաեւ Ստեփանոսի քարկոծումը պահանջողներէն մէկն էր (հմմտ. Գրծ 7.58, 8.1)։ Թիկնոցները հանել, կը նշանակէ, բարկութեամբ եւ ատելութեամբ լեցուած հոգին արձակել։ Իրապաշտ ըլլալու համար այդ զէնքը եւ կամ այդ քարը երբ կ’ուղղուի արդարի մը դէմ, անիկա նաեւ մեր անձերուն ուղղուած կ’ըլլայ։ Սակայն Ս. Ստեփանոսի արեան հեղումով կարծէք, մկրտուեցաւ Սօղոս Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, երբ ան զղջումի եւ ապաշխարութեան շունչով պարարտացաւ, արգասաւոր դարձաւ։

Հրեաներ տակաւին չկրցան զղջումի եւ ապաշխարութեան ոգիով օժտուիլ։ Աւելին, անոնք սկսան իրենց ակռաները կրճտել։ Այսինքն անկար մնացին զինք պատասխանել եւ խօսքով դատապարտել։ Այդպիսով իրենց ակռաները սրեցին գազանի մը նման, որ արիւնի ծարաւը ունէր եւ իր թիրախը դարձուցած էր որսին դէմ։

Երբ երկինքը բացուեցաւ Ստեփանոս ուրախութեամբ տեսաւ այդ մէկը։ Մինչ կը քարկոծուէր՝ հրեաներ կը պատռէին իրենց հագուստը եւ սուտ վկայութիւններ կ’ընէին իր մասին։ Ինչպէս նաեւ Քրիստոսի խաչելութեան ժամանակ վարագոյրը պատռուեցաւ, երբ հրեաներ սուտ վկայութիւններ կ’ընէին Քրիստոսի ուղղուած։

«Ահա բացուած է երկինքը, եւ կը տեսնեմ Մարդու Որդին որ Աստուծոյ աջին կանգնած է» (Գրծ 7.56)։ Ան չէ նստած, այլ՝ կանգնած է, որպէսզի զօրացնէ Ս. Ստեփանոսը` Իր վկան, Իր պատերազմակիցը, Իր առաջին նահատակը, Իր անուան համար պայքար մղողը չարին դէմ։ Արդ, Ս. Ստեփանոսի նման նուիրուինք Քրիստոսի, որովհետեւ յարութենէն ետք հրեշտակներու նման պիտի ըլլանք (հմմտ. Մտ 22.30): Հետեւաբար, այժմէն աշխատինք պսակաւոր հրեշտակներու՝ Ստեփանոսներու նմանիլ:

            Ս. Ստեփանոսի մօտ կը տեսնենք սրտի մաքրութիւնն ու ներողամիտ ոգին։ Երանի՜ թէ մենք ալ մեր հաւաքական կեանքի ընկերութիւններուն մէջ, նոյն ներողամտութեան ոգիով մօտենանք զիրար նկատմամբ, Ստեփանոսին օրինակով։ Չենք կրնար Աստուծմէ ներում խնդրել, երբ մեր մէջէն կը պակսի ներողամտութիւնը մեր նմանին հանդէպ։

Վերջին դրուագը մեզի ցոյց կու տայ, թէ որքան որ Սուրբ Հոգիով լեցուինք, նոյնքան պիտի հալածուինք, չարչարուինք եւ նախատուինք։ Շատեր այդ զոհողութիւնը յանձն չեն առներ, սակայն կը փափաքին փրկել իրենց հոգիները առանց զոհողութեան։

            Ս. Ստեփանոս Սուրբ պսակուեցաւ Սրբազան հաւատքով։ Այդ հաւատքը զինք առաջնորդեց յաւիտենական կեանքին։ Եւ իր բարի գործերն էր, որոնք հաւատք շնորհեցին իր կեանքին։ Այլ խօսքով՝ բարի գործերը կը վերանորոգեն մեր հաւատքը եւ մեր հաւատքը կը վերանորոգէ մեր հոգին։

             Արդ, Ս. Ստեփանոսին բարեխօսութեամբ, Աստուծմէ խնդրենք եւ աղօթենք ըսելով.-

«Տէ´ր Յիսուս, օգնէ մեզի որ կամքդ կատարող հրեշտականման Ստեփանոս մը ըլլանք մեր շրջապատին մէջ, որպէսզի կարենանք մարդիկը առաջնորդել կամքիդ ճանաչողութեան եւ հնազանդութեան:

Գթառատ Տէ´ր, թո´ղ որ մարդիկ գթութիւնդ տեսնեն մեր կեանքին մէջ, որպէսզի իմանան որ դուն գորովալից եւ առատագութ Փրկիչ ես եւ կը գթաս բոլոր անոնց, որոնք գթութեանդ կ’ապաւինին:

Քա´ղցր Խաչեալ, թո´ղ որ քաղցրութիւնդ ճառագայթէ մեր սիրտերէն, որպէսզի մարդիկ գիտնան որ դուն քաղցր ես եւ քաղցրութեամբ կը մերձենաս դառնացածներուն:

Տէ´ր, տո´ւր որ Ստեփանոսի նման կարենանք հրեշտակային ժպիտը պահել մեր երեսին վրայ՝ երբ մարդիկ մեզ դատելու ելլեն:

Տէ´ր, տո´ւր որ Ստեփանոսի նման չկորսնցնենք մեր սրտի ու դէմքի խաղաղութիւնը՝ երբ խռովարարներու ու խռովութիւններու դէմ յանդիման կը կանգնինք:

Տէ´ր, տո´ւր որ Ստեփանոսի նման անմեղութիւն ճառագայթենք՝ երբ մարդիկ մեզ մեղադրեն. սէր արտացոլացնենք՝ երբ ատելութեան դրօշը ցցեն մեր դիմաց. ներում շնորհենք՝ երբ ներել չգիտցողի հանդիպինք:

Տէ´ր, տո´ւր որ Ստեփանոսի նման քաջութիւնը եւ համարձակութիւնը ունենանք ոտքի կենալու ճշմարտութեան համար՝ երբ շրջապատուած ենք կեղծաւոր եւ ճշմարտութիւնը խեղաթիւրող մարդոցմով:

Տէ´ր, տո´ւր որ Ստեփանոսի նման անվեհեր ըլլանք եւ չզարհուրինք նոյնիսկ եթէ մեր կեանքը պիտի տանք արքայութեան սուրբ դատին համար: Ամէն»:

Սիրելի´ ընթերցող, եթէ կրնաս սրտաբուխ կերպով ընել այս աղօթքը, գիտցի´ր, որ ինչպէս Ստեփանոսը դատելու համար ատեան նստողները՝ զայն հրեշտակի նման տեսան, այնպէս ալ քեզ դատողներն ու քննադատողները, վերջ ի վերջոյ պիտի ընդունին որ դուն Տիրոջ հրեշտակն ես: Բայց ասիկա պատճառ պիտի չըլլայ որ քեզի վնաս հասցնելու իրենց չար միտումէն հրաժարին: Յիշէ որ ատեան նստողները ընդունեցին Ստեփանոսի հրեշտականման ըլլալը, բայց չքաշուեցան անգութօրէն քարկոծելու զայն:

 

ՎԻԳԷՆ ՎՐԴ. ՏԱԼԳԼԸՃԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին