Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Մօտէն Կը Հետեւի Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութեան Աշխատանքներուն

Ուրբաթ, 21 դեկտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ․ Նարեկ արքեպիսկոպոս այցելեց Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի կեդրոնատեղին՝ մօտէն հետեւելու լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութեան աշխատանքներուն։ Սրբազան հօր կ՛ընկերանար Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ պրն․ Րաֆֆի Տէմիրճեան։

Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայող օրդ․ Մարիա Եագուպեան ներկայացուց կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւններու տրամադրման կարգը։ Նկատի առնելով պահանջքը, ան ըսաւ, որ մեր ակնկալութիւններէն շատ աւելի դիմումներ ստանալուն պատճառով, արդէն իսկ Առաջնորդարանէն յաւելեալ պաշտօնեաներ միացած են, որպէսզի փոխանցումները կատարուին աւելի արագ կերպով եւ գործընթացը ունենայ առաւել հեզասահ ու կազմակերպուած բնոյթ։

Նարեկ արքեպիսկոպոս ընտանիքներու հետ երկխօսութեան ընթացքին շեշտեց, որ մեր բարերարներու գնահատելի ներդրումին շնորհիւ այսօր կրնանք մեր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ մեր ընտանիքներուն կարիքներուն հասնիլ։ Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ ընկերային-տնտեսական դժուարին պայմաններուն մէջ մեր հայորդիներուն զօրակցիլը մեր պարտաւորութիւնն է, որովհետեւ մէկ ընտանիք ենք։ Սրբազան հայրը վստահեցուց, որ ինչպէս անցեալին այսօր եւս լիբանանահայութիւնը հաւաքաբար պիտի յաղթահարէ բոլոր տեսակի դժուարութիւնները։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին