Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Լիբանանեան Արհեստավարժներէ Կազմուած Նոր Կառավարութիւնը Պիտի Կազմուի Վեց Շաբաթէն. Հասսան Տիապ

Նշանակեալ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ հրաժարաեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին հետ միասնաբար քննարկելու Լիբանանի նոր կառավարութիւն մը կազմելու հարցը:

«Ես կը հաստատեմ, որ կառավարութիւնը պիտի կազմուի անկախ արհեստավարժերէ, որ պիտի փորձէ լուծել երկրին տնտեսական հարցը» ըսաւ Տիապ:.

Այս հանդիպումէն առաջ Տիապ գերմանական հեռատեսիլին .յայտնած էր, որ նոր կառավարութիւնը պիտի կազմուի 6 շաբթուայ ընթացքին:

Մինչ այս լաւատեսութիւնը, փողոցի իրավիճակը նոյն լաւատեսութիւնը չի ներշնջէր:

Երէկ ամբողջ օրուայ ընթացքին փախումներ տեղի ունեցան Տիապի վարռապետ նշանակումը մերժողներուն եւ լիբանանեան բանակին միչեւ: Փախումները եւ բողոքի ցոյցերը աւելի սաստկացան գիշերը երբ Պէյրուի Քորնիշ Մազրաա շրչանը «պատերազմ»ի դաշտի բնոյթ ստացաւ, ուր արձակուեցան համայնքային մտահոգիչ լոզունգներ: Մինչեւ թերթիս մամուլի տակ մտնելու պահը, հակառակ ամէն տեսակի միջամտութիւններու,իրավիճակը չէր հանդարտած:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին