Երկուշաբթի, 07. 10. 2024

spot_img

Կոկանեան Սրահի Ամանորեան Պազարը

Շարունակուող աւանդոյթներով կ’ապրին ու կը գոյատեւեն մեր միութիւնները։

Այդ աւանդոյթներուն սերունդէ սերունդ փոխանցուելով կը գրուի անոնց անցեալն ու ներկան եւ անպայմանօրէն կ’ուրուագծուի ապագան…

Կոկանեան Սրահի, տարիներէ ի վեր աւանդոյթ դարձած ամենամեայ կաղանդի պազարը տեղի ունեցաւ սոյն թուականի Դեկտեմբեր 6-ին, Կոկանեան Սրահէն ներս։

Միջոցառման ներկայ էին Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աշոտ Ս. Եպսկ. Մնացականեան, Հոգեշնորհ Տ. Դերենիկ Աբեղայ Սահակեան, Արժանապատիւ Տէր Յակոբ Քահանայ Յակոբեան, Եգիպտոսի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին Տիկինը՝ Աննա Գրիգորեան եւ մե՜ծ բազմութիւն մը՝ 300-էն աւելի համակիրներ։

Բացման արարողութիւնը կատարեց այս տարուան պազարին նախագահութիւնը ստանձնած Տիկին Վիվիան Սիմոնեան։

Ամանորեան վաղեմի հեքիաթը ամէն տարի իւրովի կը վերանորոգուի այս դիպուկ միջոցառումներով։

Ինչպէս միշտ, կաղանդին բնորոշ սպիտակով, ոսկեգոյնով, կարմիրով ու կանաչով եւ գեղեցիկ տօնածառով զարդարուած ներքին սրահին սեղանները շքեղօրէն հարուստ էին, իրենց նրբաճաշակ շարուածքով ու մատուցմամբ դիտողին աչքը շոյող մեր համադամ աւանդական ուտելիքներով։

Հոն էին մեր չէօրէքը, թօփիքը, տերեւով լիցքը, ապուխտը, հայկական շարոցը, արմաւի անուշը, գաթան եւ ուրիշ բազմապիսի քաղցր ու աղի ուտելիքներ…

Այս տարի եւս չէր մոռցուած, առաւելաբար փոքրիկները գրաւող ամանորեան խորհրդանիշերով նախշուած կարկանդակներուն ու ձեռային զարդերուն նաեւ սրփիչներուն, ծածկոցներուն ու մոմակալներուն գոյնզգոյն բաժինը… եղնիկ, զանգակ, տօնածառ, ձիւնէ մարդ, Կաղանդ Պապա, աստղ եւայլն՝ մանուկներուն եւ ներքուստ իրենց մանկութիւնը վառ պահպանած բոլոր մեծերուն ուրախութիւնը՝ յուսալի…

Քիչ պատահող հաճելի խճողում մըն է, ամենամեայ այս սպասուած հանդիպումը. առօրեայ վազքի հեւքէն կամ ընելիքներու սովորական ցանկէն փախուստ տալու համար, շատո՜՜նց տունէն չելլողներուն, զիրար չհանդիպողներուն համար շատ հոգեհարազատ վայր ու առիթ է այս օրը՝ յատուկ։

Եւ ինչպէս տարիներու հի՜ն աւանդոյթն է, այս տարի ալ բազմաթիւ համակիրներուն կէսօրուան սպասարկուած ճաշը մանթըն էր։

Բարի աւանդոյթներուն մասին խօսեցանք վերը, բայց ինչպէ՞ս կրնանք չանդրադառնալ անոնցմէ ամենաբարիին…

Չէ՞ որ ինչպէս միշտ, այս տարի եւս Կոկանեան Սրահի Վարչութեան ժրաջան տիկինները, նորակազմ Տիկնանց Յանձնախումբը եւ անոնց հետ նաեւ խումբ մը նուիրեալ տիկիններ, պազարէն օրեր առաջ գործի լծուելով, հաճոյքով ու սիրով պատրաստած էին այս հոծ բազմութեան սպասարկուելիք մանթըն…

Միշտ հոն են մեր սիրելի տիկինները՝ մայրերը, քոյրերը, աղջիկները եւ նաեւ փոքրերը։ Տարիէ տարի անոնց կողքին երիտասարդ տիկին մը եւս աւելնալուն մէջն է, երեւի, այդ երեւոյթին գեղեցկագոյն կողմը, տարեցին կողքը երիտասարդը, երիտասարդին կողքը նորեկ երիտասարդ մը…

Ցաւօք, վարակիչ չե՛ն այս բարութիւնն ու նուիրումը, այս յոգնութիւնը կամովի՛ն տանելու սխրանքը. ո՛չ վարակիչ են, ո՛չ ալ թելադրելի։

Խորհուրդ մըն է ասիկա, ներքուստ գտնուող կամ չգտնուող…

Ձեռքերն ու հոգիները անցաւ ու դալար մնան Կոկանեան Սրահի Վարչութեան, Տիկնանց Յանձնախումբի եւ բոլոր նուիրեալ տիկնանց, որոնք իրենց սէրը, ժամանակն ու ջանքը չխնայեցին գեղեցիկ այս աւանդոյթը անգամ մը եւս կենդանացնելու հանար…

Մնացէ՜՜ք այսպէս, բարի աւանդոյթի մը պահապանն ու անոր գոյատեւման պատճառը…

Պազարի աւարտին ձգուած էր օրուան ամենախանդավառ բաժինը. Կաղանդ Պապային գալուստը՝ սպասուող….

Կոկանեան պարտէզին մէջ հաւաքուած պզտիկները ոգեւորուած էին անոր գալիք ժամով …

Առանց Կաղանդ Պապայի Ամանո՞ր…

Երանի չէ՞ք տար դուք ալ բոլոր այն փոքրիկներուն, որոնք զարմացած ու բացայայտող աչքերով, հեքիաթին հաւատացող հոգիով, ուրախութեամբ եւ անվերջ ակնկալումով մը, մէկ առ մէկ կը մօտենային այդ կարմրուկ, ճերմակ մօրուքէն աչքերը չերեւցող, բոլորի՜ն  նուէր տուող բարի Պապային…

Կաղանդ Պապան, մեզմէ մէկը ըլլալու իրականութիւնը բացայայտելէն վերջ չէ՞ որ վերջացան ու կը վերջանան հեքիաթները՝ կախարդական…

Այդպէս է…

Բայց լաւն ու բարին պիտի յուսանք մենք, տօնական այս վառ օրերու շեմին…

Պիտի մաղթենք, որ հինէն ի վեր մեզի հասած ու պահպանուած այս բարի աւանդոյթները դեռեւս շարունակուին…

Նորերը շարունակեն հինը. շարունակեն գիտակցաբար, հաւատաքով ու սիրով…

Կը շնորհաւորենք Կոկանեան Սրահի Վարչութիւնն ու Տիկնանց Յանձնախումբը այս յաջող կազմակերպութեան համար։

Նորանոր աւանդոյթներու մաղթանքով՝

Եգիպտոս

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին