Երեքշաբթի, 29. 07. 2025

spot_img

Ուսուցչապետս

Դարերէ ի վեր աշխարհի ցամաքամասերու ժողովուրդներու զանազան ազգութիւններ կամ խմբակցութիւններ իրենց հաւաքական կեանքը կերտելէ ետք ի հարկէ ժամանակի ընթացքին  համեմատ կամ տուեալ իրականութեան մը, փոփոխութեան ենթարկուած է ապրելակերպ մը ու այդպէս կազմուած են բազմատեսակ վարչակարգեր, առաջնորդուած կամ ներքին անհրաժեշտութենէ, կամ արտաքին ճնշումներէ ու պարտադրանքէ. Վերջապէս ոչ մէկ վարչաձեւ հաստատական բացարձակ անցագիր չէ կրցած վայելել ու ակնկալելի ալ չէ, թէեւ այդպիսի լոզունգներ, փափաքներ, առաջարկներ ու գործունէութիւններ կը ծաւալին մանաւանդ վերջին շրջանի մէջ, երբ հաղորդակցութիւնները այնքան դիւրացած են ու արդէն համացանցը աշխարհը առած է ափի մը չափ տարածութեան մը մէջ:

Ստացայ երիզ մը ուր կը տեղեկացնէ, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը վարուէին եթէ երկու կով ունենայիր տուեալ երկրի մը մէջ: ի հարկէ ամէն ոք իր տեսանկիւնով պիտի դատէ ու արտայայտուի: կը սկսի համայնավարութենէն, ուր պետութիւնը քու երկու կովերդ կը սեփականացնէ քեզի տալու համար կաթէն մաս մը: ընկերվարութեան պարագային կովերէն մին կու տայ դրացիին: ֆաշիզմի պարագային՝ երկուքը կ՛իւրացնէ ու քեզի կը ծախէ կաթէն մաս մը: Դրամատիրական հասարակարգի տեսակներէն կ՛անցնի զանազան երկիրներու մէջ սպասարկող ընկերութիւններ ու ամէն երկրի համեմատ ու տրամաբանական տուեալներու հիման վրայ եզրակացութիւնները կը հրամցնէ քիչ մը այցելելէ ետք Իտալիա, Ֆրանսա Ամերիկա, Չինաստան, Հնդկաստան, Աւստրալիա, Յունաստան եւ…

Ակնառուն՝ ցանկը գլխաւորող համայնավարական վարչակարգն է. Այնքան չարչարուած ու բզկտուած, թիրախաւորուած՝ որուն պատճառը հակառակ ճակատին սարսափն էր. Եւ արդէն պատմութեան անցաւ իբրեւ Խորհրդային Միութիւն: Մարքսեան տասնեակ գիրքերէն մնացած է հատոր մը իբրեւ «Անհրաժեշտ Մնացածը»: Վերջին հաշուով խոտոր համեմատութիւնները դատապարտուած են մահուան: Մարդ եւ համայնավարութիւն կամ մարդ եւ հոգեւորականութիւն կանուխ են իրականանալու այնքան ատեն որ մարդ արարածը կը մնայ այնպէս ինչպէս որ էր ու է: Վերոնշեալ վարչակարգերը (եւ բազմաթիւ չնշուածները) անշուշտ մարդ արարածի արգասիքն են, ստեղծագործ մտքի արդիւնք, ի վերջոյ ապրելու եւ ապրեցնելու հասարակական միջոց՝ ուր միշտ ալ, ուր ալ ըլլանք, աշխարհի ո՛ր մէկ ցամաքամասի մէջ ալ, պիտի տեսնենք թէ տիրողը կ՛ըլլայ վարչակարգը յօգուտ իրեն, վերնախաւին. վերջապէս իրենք ալ մարդ են եւ լծակները իրենց ձեռքերուն մէջ է տնօրինելու ժողովուրդները:

Ուր ալ ըլլայ, ինչ ալ ըլլայ, իմ ուսուցչապետս կը մնայ բնութիւնը. Շատ տարածուած եւ անվիճելի պատկերը իրականութեան մը.- «մեծ ձուկը կլլեց պզտիկ ձուկը»:

Տիրելու, «մեծ» ըլլալու մարմաջը մարդու բնութեան մէկ յատկանիշն է. Ոմանք ձիրքերով, ոմանք՝ դիրքերով: Պատանութեանս կը հաւատայի հաւասարութեան. Օ՜ պատանութիւն երբեմն փորձանք ես դուն. Բայց՝ անխուսափելի հանգրուան՝ կեանքի շարունակուող երթին՝ եթէ…ոտքդ չդպի քարին:

 

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ «Զարթօնք»ի աշխատակից

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին