Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հրաժարեցաւ իր թեկնածուութիւնը դնելէն առաջադրուելիք վարչապետի թեկնածուներու ցանկէն, որուն վրայ մինչեւ այդ պահը ինքը միակն էր:
Իր այս որոշումը, աւելի եւս շփոթի մատնեց շատերը եւ երկիրը մատնուեցաւ անորոշ դրութեան մինչ իր թեկնածութիւնը փոխարինող նոր-հին անուններ սկսան յայտնուիլ ինչպէս Հասսան Տիապ եւ Նաուաֆ Սալամ:
Հարիրիի որոշումը եկաւ երեսփոխանական խորհրդակցութիւններու համար ճշդուած օրէն ժամեր առաջ:
Հարիրի իր կարգին անելի առջեւ էր երբ իրեն չյաջողեցաւ քրիստոնեայ գործընկեր գտնել իր թեկնածութիւնը պաշտպանելու համար մինչ միւս կողմը իրեն շատոնց դժուարութեան մատնած էր իր վրայ պարտադրել ուզելով քաղաքական կողմեր պարունակող նախարարաց խորհուրդ մը:
Այս իրավիճակին մէջ նախապէս գոյութիւն ունեցող Մարտ 8 եւ 14ի ուժերը դարձեալ երեւան եկան բռնցքամարտի մը, որ երկիրը կրնայ երկար ժամանակ անելի մէջ պահելշ մինչ մէկ խումբը կը պնդէ արհեստավարժներու կառավարութիւն, իսկ միւսը համաձայն չէ իշխանութենէ ամենեւին դուրս մնալու եւ այդ բանը իր գոյութեան համար վտանգաւոր կը նկատէ:
Գալիք օրերը դարձեալ յղի պիտի ըլլան նորութիւններով մինչ տնտեսական կացութիւնը աւելի եւս կը սրի:






