Նորընտիր Պոլսոյ Հայոց պատրիարք, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեան Յունուար 12–ին պիտի մատուցանէ իր առաջին պատարագը որպէս պատրիարք:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն, Յունուար 11–ին, Աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ պատրիարքի գահակալման արարողութիւնը: