Մինչ Լիբանանի տարածքին անհանգիստ վիճակը կը շարունակուի մանաւանդ Պէյրութի կեդրոնական շրջաններուն մէջ ուր մասնաւորապէս գիշերուան ժամերուն տեղի կ՚ունենան բախումներ եւ ուր տասնեակ խռովարարներ կը փորձեն խառնակ վիճակ ստեղծել խաղաղ ցուցարարներու շրջաններուն մէջ, յատկանշական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրիի միջեւ, որոնք երկուքն ալ բաժնեցին նոյն միտքը, որ պէտք է արագացնել կառավարութիւն մը կազմելու գործընթացը: Անոնք կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը որակեցին «շտապ»:
Պըրրի եւ Հարիրի միասնաբար կոչ ուղղեցին ապահովական ուժերուն, որպէսզի իրենց պարտականութիւնները կատարեն աւելի եւս պաշտպանելու հանրային եւ սեփական կառոյցները:
Պըրրիի եւ Հարիրիի այս հանդիպումը յառաջիկայ Հինգշաբթի օրուայ երեսփոխանական խորհրդակցութեանց կայացումի կարելիութիւնը աւելի եւս բարձրացուց:






