Հինգշաբթի, 17. 07. 2025

spot_img

Լիբանանահայ Կեանք. Նորօծ Տ․ Խորէն Քհն․ Մելքոնեանի Անդրանիկ Սուրբ Պատարագ

Կիրակի, 15 դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ սուրբ պատարագ մատուցեց նորօծ Արժ. Տ․ Խորէն քհն․ Մելքոնեան։

Տէր Խորէն իր քարոզին սկիզբը երախտագիտութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի թեմի նախկին առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Շահէ եպս․ Փանոսեանին եւ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, որոնք հայրական խնամքով եւ աղօթքով նեցուկ կանգնեցան, որպէսզի ինք ստանայ քահանայական կարգը։ Ան հաստատեց, որ եկեղեցին քարաշէն կառոյց չէ, այլ՝ համախմբումն է հաւատացեալներու, որոնք միասնաբար կ՛աղօթեն եւ կը ծառայեն մարդկութեան։

Նորօծ քահանայ հայրը ըսաւ, որ «Աստուծոյ խօսքը մե՛նք պէտք է նախ պահենք մեր կեանքով, եւ ապա փոխանցենք ուրիշին, որպէսզի մեր նմանը ինքն ալ իր կարգին քարոզէ զայն։ Պէտք է տարածենք քրիստոսի պատգամը՝ լուսաւորելու մարդոց միտքը եւ հոգին»: Ան աւելցուց, որ այս քարոզը կը մարմնաւորուի կենդանի օրինակով, այլապէս՝ կը կորսնցէ իր արժէքը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին