Լիբանանի ընկերա-տնտեսական պայմաններուն հետեւանքով, բազմաթիւ հայ կարիքաւոր ընտանիքներու դժուարութիւնները բարդացան եւ պայմանները առաւել եւս վատթարացան։ Ակներեւ էր, որ ընկերային ցանցերուն վրայ բազմաթիւ հայ երիտասարդներ սկսան նախաձեռնել բարեգործական աշխատանքներ՝ նպաստելու կարիքաւորներուն եւ հասնելու անոնց կարիքներուն։
Այս առիթով, երկուշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8։30-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Նարեկ արքեպիսկոպոս Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց խումբ մը կամաւոր երիտասարդներ, որոնք ընտանիքներու կ՛այցելեն եւ իրենց ունեցած միջոցներով օժանդակութիւններ կ՛ապահովեն։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին թեմի քարոզիչ հոգեշնորհ Տ․ Անանիա ծ․ վրդ․ Գուճանեան եւ Առաջնորդարանի դիւանապետ պրն․ Րաֆֆի Տէմիրճեան։
Սրբազան հայրը առաջին հերթին մեծապէս գնահատեց երիտասարդ կամաւորներուն մօտեցումները՝ ծառայութիւն կատարելու ընկերութեան մէջ գտնուող կարիքաւորներուն, դժուարին օրերուն զօրակցելով հայ ընտանիքներուն։ Նարեկ արքեպիսկոպոս շեշտեց, որ լիբանանահայ կառոյցները իրենց կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայ ընտանիքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները յաղթահարելուն, սակայն կարիքները օրըստօրէ կը բազմանան, մինչ գոյութիւն ունեցող կարելիութիւնները սահմանափակ են։
Այս շրջագիծին մէջ, առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ հարկ է հաւաքական մօտեցումով իւրաքանչիւրը իր կարողականութիւններու սահմաններուն մէջ ճիգ թափէ, որպէսզի աշխատանքները առաւել եւս արդիւնաւորուին, եւ այս շրջագիծին մէջ երիտասարդներուն դերը ե՛ւ ոգեւորիչ է ե՛ւ օգտակար։ Նարեկ արքեպիսկոպոս ըսաւ, որ նշեալ հանդիպումին ներկայ եւ հետագային աշխատանքներուն մասնակից դառնալու փափաք յայտնող բոլոր երիտասարդներուն դիմաց Առաջնորդարանը իր դռները բացած է եւ իր բոլոր կարելիութիւնները անոնց տրամադրութեան տակ կը դնէ։
Իր կարգին Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ պրն․ Րաֆֆի Տէմիրճեան հաստատեց, որ բարեգործութիւնը ցուցադրութեամբ ու ենթականերուն արժանապատուութիւնը վիրաւելով չըլլար, եւ ընդունելի չէ, որ կարիքաւորներու վատ պայմանները օգտագործուին՝ ազգային կառոյցներուն աշխատանքները նուաստացնելու համար։ Պրն․ Տէմիրճեան յոյս յայտնեց, որ երիտասարդներուն գործնական մասնակցութիւնը աւելի կ՛ընդարձակէ ծառայութիւններու շրջագիծը՝ առաւել եւս հոգալու ընտանիքներու ապրուստի, կրթաթոշակի, տան վարձքի, դեղորայքի եւ հիւանդանոցային սպասարկութիւններու կարիքները։
Ապա ներկայ երիտասարդները քննարկեցին Պուրճ Համուտի մէջ կարգ մը կարիքաւորներու բնակարաններու կացութիւնը, կահոյքի եւ նորոգութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ ճշդեցին աշխատանքները հետապնդելու համապատասխան կարգը։ Մասնակիցները շեշտեցին, որ իրենք ունին մէկ եւ միակ նպատակ, որն է ծառայել հայ ընտանիքիներուն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ