Հինգշաբթի, 17. 07. 2025

spot_img

Ազգային Առաջնորդարանի «Լիբանանահայ Կարիքաւորներու Զօրակցութիւն». Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նուիրատուութիւնը

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի մասնաճիւղը 10 միլիոն լիբանանեան ոսկի նուիրեց  Ազգային առաջնորդարանին` յատկացուելու համար «Լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութիւն»-ին, արձագանգելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի «հայրական կոչ կուղղենք լիբանանահայ ունեւորներուն, որ մարդկային ու ազգային պարտականութիւն նկատեն ներկայ դժուար կացութեան մէջ օգտակար հանդիսանալ մեր կառոյցներուն, մեր դպրոցներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն» հրաւէրին եւ ընդառաջելով Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսի «կը դիմենք բոլոր լիբանանահայերուն, որ հայ քրիստոնէական պարտաւորութիւն նկատեն Ազգային առաջնորդարանին ճամբով անմիջապէս օգնութեան ձեռք երկարել իրենց կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն» դիմումին:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀԲԸՄ-ին եւ կը մաղթենք, որ այլ կառոյցներ եւս հետեւին անոր բարի օրինակին։

 ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին