Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Շրջանային Էրտողան Կը Սպառնայ Փակել Ինճիրլիքի Խարիսխը

Թուրքիա կրնայ փակել Ինճիրլիքի ամերիկեան խարիսխը, յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան՝ հակադարձելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ Անգարայի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու Ծերակոյտի որոշումին։ Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Մարմարա»-ն։

Էրտողան կրկնեց այն տեսակէտները, որոնք միշտ կը պնդուին Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Հարցին վերաբերեալ։ Նախագահ Էրտողան անգամ մը եւս կրկնեց, որ Թուրքիա իր պաշտօնական արխիւները բացած է, թող միւս երկիրներն ալ բանան, եւ գիտնականները թող ուսումնասիրեն փաստաթուղթերը։

Էրտողան նաեւ վստահեցուց, որ Թրամփի հետ ունեցած իր սերտ կապերը չեն կրնար խանգարուիլ այսպիսի միջամտութիւններով։ «Բայց կարեւորը այն է, որ պէտք է միջոցներ ձեռք առնուին, որպէսզի մեր յարաբերութիւնները աւելի ծանր վնասներ չկրեն։ Երբեմն, երբ զանազան քաղաքագէտներու հետ կը խօսիմ Հայկական Հարցին մասին, կը տեսնեմ որ անոնք այս մասին բան մը չեն գիտեր։ Մենք այս պահուն մեր բանակի արխիւներուն մէջ մէկ միլիոն փաստաթուղթեր ունինք եւ զանոնք կը բանանք։ Թող գան պատմաբանները եւ իրաւագէտները ու քննարկեն», ըսաւ ան։

Էրտողան նաեւ յիշեցուց ամերիկացիներուն կողմէ բնիկ ամերիկացիներուն դէմ եղած սպանդները՝ նշելով. «Կրնա՞նք այս մասին չխօսիլ»։ Ասիկա Ամերիկայի ճակտի արատն է»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին