Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Լիբանանահայ Մշակոյթի Իւրայատկութիւնները

Մուտք

Մենք բոլորս կը պատկանինք այս կամ այն մշակոյթին: Մշակոյթը, ինչպէս ըսինք, մարդկային իմացութեան, համոզումներու, հաւաքականութեամբ սահմանուած կարգերու համակեցութիւնն է, միաժամանակ նաեւ՝ նիւթական արտադրութիւններ եւ կառոյցներ, որոնք մենք կը փոխանցենք սերունդէ սերունդ:  Մշակոյթը այն հիմնական գործօնն է, որ կ’օգնէ մարդոց հաղորդակցիլ եւ կը կարգաւորէ անոնց միջեւ հաղորդակցութեանց զանազան ոլորտները:

Մշակոյթը կը վերլուծէ կեանքը կազմող շատ մը բնագաւառները, որոնք կ’առնչուին նոյն այդ հաւաքականութեան տեսադաշտերուն, մտահորիզոններուն եւ ըմբռնումներուն, եւ որ նաեւ կը ստեղծէ արժէք եւ սովորութիւն՝ նոյնինքն այդ հաւաքականութեան։Այս իմաստով, վերոյիշեալ տեսադաշտերը, ըմբռնումները կը դառնան տուեալ հաւաքականութեան կեանքի ուղին, կը վերածուին ամբողջական մշակոյթի բնորոշումին, ուր կ’ամփոփուի գաղափար, կեցուածք, լեզու, վարուելակերպ, կազմակերպական կառոյց, արուեստ եւայլն)։ Օտարը կրնայ ազգի մը ներկայացուցիչը ճանչնալ անոր մշակոյթին շնորհիւ:

Մշակոյթը ազգի մը գոյութեան եւ զարգացման անհրաժեշտ նախապայմանն է: Անով է որ ազգ մը հաղորդակից կ’ըլլայ եւ կը միանայ մարդկութեան:

Հայ ժողովուրդին համար մշակոյթը եղած է ու կը մնայ իր գոյատեւումը իմաստաւորող հզօրագոյն ազդակ: Հայ մշակութային ժառանգութիւնը կը վկայէ, որ ոեւէ մէկուն հետ համեմատուելու հզօրութիւնը մեր մէջ կայ: Ազգային մշակոյթը կ’երաշխաւորէ եւ կ’ամրապնդէ ժողովուրդի մը գոյութեան հիմերը: Մշակոյթը, Հայ ժողովուրդի պատմութեան մաս կազմող Դիցաբանութիւնը, հայերէն լեզուն, կիրառած արուեստը (իր զանազան երեսակներով), կրթութեան համակարգը, խոհանոցը, տօները… կը կազմեն մեր ժողովուրդին թէ՛ շօշափելի եւ թէ՛ անշօշափելի  մշակոյթը:

Հայոց պարագային անվարան կրնանք հաստատել, թէ հայ մշակոյթը հայ ազգին համար ինքնապաշտպանութեան ամէնէն ամուր եւ ամէնավստահելի խարիսխներէն մէկը եղած է: Ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ հայ մշակոյթը մեր ազգային գոյատեւման հիմնակռուանը կը հանդիսանայ: Այսպէս ապրեր ենք դարեր ու գոյատեւեր: Իր մշակոյթովը կ’ապրի Հայ Սփիւռքը ու կը գոյատեւէ:

Հայերու Հաստատուիլը Լիբանան. Պատմական Ակնարկ Մը

Հայերու ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ արդիւնք է դարերու վրայ երկարող արտագաղթի ալիքներու: Այս ալիքները իրենց գագաթնակէտին հասան Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին եւ անոր աւարտէն ետք, 1915էն 1923 երկարող տարիներուն, երբ թրքական հալածանքներէն եւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներ, տեղահանուած՝ Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Փոքր Ասիոյ ու Կիլիկիոյ բնակավայրերէն եկան հաստատուելու Լիբանան: Այսպէս գոյացաւ Ի. դարու Սփիւռքի ամէնակարեւոր կեդրոններէն մէկը:

Մինչ այդ, արեւելեան Միջերկրականի ափ խաչակիրներու ներխուժման ընթացքին եւ անոնցմէ ետք ու Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութեան անկումէն ետք (1375) մեծաթիւ հայեր արտագաղթեցին Լիբանան: Մինչեւ 19րդ դարու վերջերը, Լեռնալիբանան հաստատուած հայերու մեծամասնութիւնը կաթողիկէ համայնքին կը պատկանէր:

Այս վերջինները ապաստան գտան Լիբանանի մարոնիներուն մօտ եւ ստացան դրամ ու հող: 18րդ դարու կիսուն, երկվեցեակ մը կամ աւելի հայ կաթողիկէ գիւղեր կային Լեռնալիբանանի կեդրոնական շրջաններուն մէջ: 1749ին, Հայ Կաթողիկէ համայնքը հիմնադրեց Զմմառու վանքը, իր գոյութիւնը պահպանող հայկական ամէնահին հոգեմտաւոր կեդրոնը Լիբանանի մէջ:

1832էն 1840, Լիբանանի տնտեսական բարւօք վիճակը քաջալեր հանդիսացաւ, որ բազմաթիւ այլ հայ առեւտրականներ, մեծ մասամբ կաթողիկէ, հաստատուին Լիբանան (Ռաֆայէլ Փ., 1975):

Օսմանեան Կայսրութեան մաս հանդիսացող Լիբանան, միեւնոյն կայսրութեան կողմէ դրուեցաւ քրիստոնեայ մութասարրիֆի (կառավարիչ) կառավարման տակ:

Մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի բռնկումը, հայ կաթողիկէները կարեւոր դեր ունեցած են Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ: Այս շրջանին ութ մութասարրիֆներէն երկուքը (առաջինը եւ վերջինը)՝ Տաուտ Փաշա (1861 – 1868) եւ Օհաննէս Փաշա Գույումճեան (1912 – 1915) հայ կաթողիկէներ էին (Պօղոսեան Ե., 1949, Իսլամական Հանրագիտարան եւ Վարժապետեան Ս., 1951): Տաուտ Փաշայի վարչակազմը կը ներառէր բազմաթիւ հայեր: Ան քաջալերեց բազմաթիւ ազգակիցներ, որ կայք հաստատեն Լիբանանի մէջ: Շուտով Լիբանանի մէջ հայերու թիւը հասաւ տաս հազարի: Խառն ամուսնութիւններ հաստատուեցան եկուոր հայերու եւ տեղաբնիկ քրիստոնեաներուն միջեւ: Հակառակ, որ համայնքը հիմնադրեց եկեղեցիներ, ակումբներ, եւ ընկերութիւններ, անիկա երբեք չհաստատեց հայկական վարժարան մը: Հետեւաբար, հայ փոքրիկները կը յաճախէին ֆրանսական կամ մարոնիթ դպրոցներ, իսկ շատեր շրջանաւարտ եղան Պէյրութի Յիսուսեաններու Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն: Փաստօրէն, Լիբանանի հայ համայնքին մէջ ֆրանսերէնը կամ արաբերէնը կ’օգտագործուէր որպէս՝ առաջին լեզու:

1894 – 1896ի համիտեան մեծ ջարդերէն եւ հալածանքներէն խուսափելու համար, մեծաթիւ հայեր ապաստանեցան Լիբանան:

Ի տարբերութիւն արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող համայնքին, որ կայք հաստատած էր նախքան 19րդ դարու վերջը, նորեկները ցուցաբերեցին ազգային գիտակցութեան աւելի ուժգին զգացողութիւն, որուն ապացոյց հանդիսացան անոնց հիմնադրած զանազան կրթական, ընկերային եւ քաղաքական կազմակերպութիւնները: Այս գործողութիւնները արդիւնք էին նաեւ հայկական ազգայնականութեան զարթօնքին, որու քարոզիչներէն էին հայկական ազատագրական նորաստեղծ շարժումները:

Նախապէս Լիբանանի մէջ կայք հաստատածները օգնեցին նորեկներուն, որ աշխատանք եւ բնակարան ձեռք ձգեն: Անոնք նաեւ հաստատեցին որբանոցներ եւ կատարեցին դրամահաւաք՝ մանուկներու անվճար կրթութիւնը ապահովելու համար:

20րդ դարու առաջին տասնամեակին, տեղի ունեցաւ հայ ուսանողներու թիւի արագ աճ Պէյրութի երկու կարեւորագոյն համալսարաններուն՝ Ամերիկեան Համալսարանին (AUB) եւ Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին (USJ) մէջ: 1904ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը արդէն հաստատած էր տեղական իր մասնաճիւղը Պէյրութի մէջ, կազմուած գլխաւորաբար ուսանողներէ: 1908ին Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, ՀՅԴ իր վերահսկողութեան տակ առաւ Ուսանողական ընկերակցութիւնը (որ յետագային կոչուեցաւ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն), իսկ Ամերիկեան Համալսարանի  Հայ Ուսանողական Միութիւնը ստացաւ պաշտօնական ճանաչում: Այս միութեան նպատակն էր պահպանել եւ տարածել հայկական ազգային գիտակցութիւնը հայ լեզուի եւ գրականութեան ուսուցման ճանապարհով:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի բռնկումով եւ Լիբանանի մէջ մութասարրիֆներու վարչակարգին փոխարէն ուղղակի օսմանեան կառավարում հաստատուելէն ետք, 1915ի Հոկտեմբերին բազմաթիւ հայեր տեղահանուեցան դէպի Դամասկոս եւ ճամբու վրայ ջարդուեցան զանգուածաբար: Քանի մը տարիներու ընթացքին, Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին եւ ֆրանսական բանակին կողմէ Կիլիկիոյ պարպումին միջեւ, հայերը ոչ միայն անհամեմատ մեծ թիւով վերադարձան Լիբանան, այլ հետզհետէ աճեցան չափով եւ կարեւորութեամբ: Այս աճը շարունակուեցաւ, արագացաւ եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին, 1975ի Ապրիլին, հասաւ իր գագաթնակէտին՝ կազմելով աւելի քան 200,000նոց համայնք մը:

Միջ-պատերազմեան տարիներուն՝ Ա. եւ Բ. Համաշխարհային պատերազմներու աւարտներուն միջեւ, թէ՛ ֆրանսական հոգատարութեան շրջանին եւ թէ՛ Լիբանանի անկախութենէն ետք, լիբանանահայ համայնքը, որ գլխաւորաբար կեդրոնացած էր Պէյրութի, Լեռնալիբանանի, Սայտայի եւ Սուրի նման ծովեզերեայ քաղաքներու, առաւել՝ Պեքաաի դաշտավայր Այնճար բնակավայրին մէջ, ենթակայ դարձաւ արմատական փոփոխութիւններու եւ ցոյց տուաւ ինքնակազմակերպման իւրայատուկ կարողութիւն:

Մարոնի երեւելիներու պնդումներուն տակ, եւ համաձայն Լոզանի դաշնագրի պայմաններուն, ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնները լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհեցին Լիբանան հաստատուած բոլոր հայերուն, որոնք ցանկութիւն յայտնեցին քաղաքացիութիւն ունենալու (Մեծն Լիբանանի Պաշտօնաթերթ, 1924): Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան եւ Հայ Աւետարանական համայնքի ղեկավար մարմնին Լիբանանի մէջ հաստատուիլը այս երկիրը վերածեցին Միջին Արեւելքի, ինչպէս նաեւ բովանդակ սփիւռքահայութեան հոգեւոր կեդրոնին:

Այնուհետեւ հայկական վարժարաններ բացուեցան մէկը միւսին ետեւէն: Հիմնադրուեցան մեծաթիւ եկեղեցիներ, համայնքային եւ կուսակցական ակումբներ, մարզական, կրթական, բարեսիրական եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններ: Հայկական կուսակցութիւնները՝ գաղափարախօսութեամբ ընկերվարական եւ գործնականօրէն ազգայնական Դաշնակցութիւնը, ընկերվար-ժողովրդավար հնչակեանները եւ ժողովրդավար ազատական ռամկավարները սկսան գործել կանոնաւորապէս, մրցակցելով համայնքային ընտրութիւններու մէջ եւ քարոզելով իրենց կեցուածքները իրենց նորաստեղծ օրաթերթերու էջերէն: Այս կուսակցութիւնները մասնակցութիւն սկսան բերել նաեւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Լիբանանի կառավարման համայնքային դրութիւնը հայկական համայնքին շնորհեց երեսփոխաններ ունենալու իրաւունքը: 1929ին, առաջին հայ կաթողիկէն մուտք գործեց Լիբանանի Ներկայացուցչական Խորհուրդ (ապագայ խորհրդարան), որպէս «փոքրամասնութիւններու» ներկայացուցիչ: Հայ Առաքելական համայնքը շուտով ստացաւ երեսփոխան ունենալու իրաւունքը, 1934ին: Սկիզբը, հայ առաքելականները ստացան խորհրդարանին մէջ մէկ աթոռ (Ազդակ 4/01/1934), ապա 1937ին, երկու աթոռ ունենալու իրաւունք: Անկախութենէն ետք, հայերու երեսփոխանական աթոռներու թիւը աւելցաւ եւ 1960ի ընտրական օրէնքին համաձայն, կազմեց հինգ աթոռ, չորսը՝ հայ առաքելական եւ մէկը՝ հայ կաթողիկէ համայնքին համար: Միւս կողմէ, հայ եւ արաբ աւետարանականները համաձայնեցան չորս տարին անգամ մը յաջորդաբար զբաղեցնել Լիբանանի աւետարանական համայնքին համար վերապահուած մէկ աթոռ:

Տնտեսական գետնի վրայ, հայերը կատարեցին նոյնքան յաջող իրագործումներ: 1940ականներու կիսուն, արդէն իսկ հայերու մեծ համեմատութիւն մը դուրս եկած էր գաղթակայաններէն, ուր անոնք սկզբնապէս հաստատուած էին, եւ իրենց տուները կառուցած էր Պէյրութի թէ մօտակայ շրջաններուն մէջ: Շատ ուրիշներ տեղափոխուեցան լիբանանեան այլ քաղաքներ, ուր հաստատեցին իրենց անձնական գործերը կամ աշխատանքի անցան զանազան աշխատանոցներու մէջ:

Բազմաթիւ էին պատճառները, որոնց հետեւանքով հայկական համայնքը այս շրջանին քանակապէս աճեցաւ եւ հեզասահօրէն համարկուեցաւ լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ու մշակութային կեանքին: Ճիշտ է, որ հայերը կը վայելէին մարոնի ղեկավարներու զօրակցութիւնը եւ պետական իշխանութիւններուն բարեկամական մօտեցումը, սակայն ասոնք չէին հիմնական պատճառները, որոնց հետեւանքով աւելի ու աւելի մեծ թիւով հայեր եկան հաստատուելու Լիբանան: Դէպի Լիբանան հայերու հոսքին քաջալեր հանդիսացան նոյնինքն լիբանանահայերը, որոնց շնորհիւ իրենց լաւապէս կազմակերպուած բարեսիրական, մշակութային, ընկերային եւ քաղաքական կազմակերպութիւնները ցուցաբերեցին կամեցողութիւն, կարողութիւն՝ իրենց մէջ ընդունելու նորեկները: Այսպէս, հայկական իւրաքանչիւր յարանուանութիւն ստանձնեց յարանուականօրէն իրեն պատկանող անհատին հոգատարութիւնը: Նոյնպէս, քաղաքական կուսակցութիւնները օգտակար հանդիսացան, որ իրենց անդամները, համակիրները եւ անոնց ընտանիքի անդամները ապահովուին աշխատանքով:

Հայկական դպրոցները, որոնց թիւը 1960ականներուն հասաւ 60ի, իրենց դռները լայն բացած էին հայ փոքրիկներուն առջեւ՝ գրեթէ անվճար կարգով: Փոխարէն, շարք մը բարեսիրական եւ կնոջական կազմակերպութիւններ կը կազմակերպէին կանոնաւոր դրամահաւաքներ՝ հաւասարակշռելու համար դպրոցներու տարեկան պիւտճէական բացը: Մինչ այդ, աշխարհական եւ կրօնական համայնքային իշխանութիւնները հիմնադրեցին բժշկական ծառայութեան կեդրոններ՝ կարիքաւորներու համար եւ տարեցներու խնամատար հաստատութիւններ: Այսպիսով, եւ ի տարբերութիւն եւ հակադրութիւն արաբական այլ երկիրներու մէջ հայկական համայնքներու թիւի նուազումին, Լիբանանի հայ համայնքը մեծցաւ թիւով եւ կարեւորութեամբ, դառնալով սփիւռքահայութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը: 1975ի քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին, Լիբանանի մէջ ապրող հայերուն թիւը, եւ ներառեալ ոչ-քաղաքացի 60 հազար հայերը, կը հաշուէր 240,000ի եւ 280,000ի միջեւ (Ժարրահ Մ., 13/11/1973):

Այդ ընթացքին, լիբանանահայերը կ’ապրէին մշակութային ծաղկուն եւ եռուն կեանքով՝ զանազան ձեռնարկներով առլեցուն:

Լայն տարողութեամբ գործունէութիւն կը ծաւալէին զանազան մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ, ներառեալ հայկական բարեգործական մեծագոյն ընկերակցութիւնը՝ ՀԲԸՄը, որ մեծապէս նպաստեց Լիբանանի մէջ հայկական համայնքային կեանքի կազմակերպման: Ճինիշեան եւ Գարակէօզեան հիմնարկներն ալ իրենց կարգին, անզուգական դեր ունեցած են բարեսիրական գործունէութեանց մէջ:

Կը հրատարկուէին աւելի քան 21 անուն հայկական օրաթերթեր եւ այլ պարբերականներ, մինչ հայկական համասփիւռքեան գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւնները իրենց շրջանային կեդրոնատեղին հաստատած էին Պէյրութի մէջ: Աւելին, համայնքին մէջ կը գործէին դպրոցներ, ուր կը յաճախէին 17 հազարէն 21 հազար աշակերտներ (շփոթ հայկական զանազան աղբիւրներու միջեւ), ընդհանուրը Լիբանանի մէջ այդ օրերուն արձանագրուած 43,451 հայ աշակերտներէն (Թէյրուզ Ժ., 1982, Ճերմակեան Լ., 1988): Մնացածները կը յաճախէին լիբանանեան զանազան վարժարաններ, գլխաւորաբար՝ քրիստոնէական, ի ցոյց հանելով պարզորոշ նշանները համարկումի զարգացած գործընթացի մը՝ յատկապէս նոր սերունդի շարքերուն մէջ:

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմը եւ անոր հետեւանքները

Լիբանանի քանդիչ քաղաքացիական պատերազմը (1975-1990), իր հետ բերաւ ցեղային, կրօնական, ազգայնական եւ շրջանակային ցնցումներ, որոնք բրտութեամբ մասնատեցին Լիբանանի բազմատարր ընկերութիւնը՝ զայն վերածելով խստօրէն սահմանազատուած եւ տարանջատ համայնքային աշխարհագրական տարածքներու, եւ պատճառ դարձան հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներու արտագաղթին: Քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, մինչեւ մէկ միլիոն լիբանանցի ստիպուած եղած էր տեղահանուիլ՝ Լիբանանի ներքին սահմաններուն մէջ: Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, 1975էն 1990 շրջանին, երկրի բնակիչներուն մինչեւ մէկ երրորդը տեղափոխուած էր նոր բնակարան, եւ աւելի քան մէկ միլիոն ուրիշներ արտագաղթած էին Եւրոպա, Ամերիկաներ, Աւստրալիա եւ շատ ուրիշ վայրեր: Քրիստոնեայ արտագաղթողներու համեմատութիւնը կը կազմէր վեց՝ իսլամ եւ տիւրզի արտագաղթողներուն մէկին դիմաց՝ միացած: Դրամ կամ կրթութիւն ունեցողը, այդ հնարաւորութեան շնորհիւ, ձգեց երկիրը, որ այդ միջոցին աղբիւր էր միայն քանդումի, ճնշումի եւ աղքատութեան: Մնացին անոնք, որոնք հնարաւորութիւն չունէին երթալու , որպէս «պատանդներ՝ աղքատանոցի մը մէջ», ինչպէս կը բնութագրէ Թէոտոր Հանֆ (Հանֆ, 1993):

Բնականաբար, 15 տարուայ քաոսը պատճառ դարձաւ նաեւ լիբանանահայերու նկատառելի տեղափոխման եւ արտագաղթին: Հազարաւոր լիբանանահայեր ձգեցին երկիրը, ոմանք՝ վերջնականապէս, ուրիշներ՝ այն յոյսով, որ հեռացումը ժամանակաւոր աքսոր մը պիտի ըլլայ միայն:

Պէյրութի մէջ ապրող հայերու մեծամասնութիւնը լքեց մեծամասնութեամբ իսլամաբնակ «Արեւմտեան Պէյրութ»ը՝ հաստատուելու համար մեծամասնութեամբ քրիստոնէաբնակ«Արեւելեան Պէյրութ»ի շրջաններուն մէջ: Լիբանանահայերը, ներկայացուած իրենց քաղաքական կուսակցութիւններով, յայտարարեցին քաղաքացիական պատերազմին մէջ որպէս համայնք իրենց չէզոքութեան եւ կռուին չմասնակցելու իրենց որոշումին մասին: Այդուհանդերձ, անհատ լիբանանահայեր, իրենց բնակութեան վայրին համեմատ, միացան լիբանանեան տարբեր կուսակցութիւններու եւ զինեալ խումբերու, կռուելու համար ի խնդիր – իրենց համոզումով – հասարակաց բարիքին համար: Քաղաքացիական պատերազմը, որ տեւեց 15 տարի, հնձեց հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներու կեանքը եւ անդամալուծեց երկիրը մշակութային, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական մակարդակներուն վրայ:

Քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք, եւ յատկապէս 1991ի Թաէֆի համաձայնագրին (նոր սահմանադրութեան) շնորհիւ, Լիբանան կրցաւ որոշ զարգացում իրականացնել իր ընկերային եւ քաղաքական հաստատութիւնները վերականգնելու ուղղութեամբ: Թաէֆի համաձայնագրով հայ առաքելական համայնքը ստացաւ յաւելեալ աթոռ մը խորհրդարանին մէջ, Պէքաաի ընտրական շրջանէն: Լիբանանեան պետական հաստատութիւնները վերսկսան գործել եւ յարաբերական ապահովութիւն մը հաստատուեցաւ:

Հակառակ քաղաքական համեմատական կայունութեան եւ վերակառուցման ու զարգացման ծրագիրներու իրագործումին, հայ համայնքը դժուարութիւն ունեցաւ վերաշխուժացնելու իր ընկերային եւ մշակութային կեանքը՝ անցեալի բարգաւաճ մակարդակին համապատասխան:

Համայնքի քանակական նուազումը ժխտականօրէն ազդեց անոր վիճակին վրայ, բոլոր առումներով: Հայկական դպրոցներու թիւը 60էն նախ նուազեցաւ 30ի ապա տարուէ տարի աւելի եւս նուազելով հասնելով այսօր 17ի:Թերթերուն թիւը նոյնպէս կոտորակուեցաւ: Համայնքային որակական վիճակը ժխտականօրէն ազդուեցաւ նաեւ նիւթական կարողութիւն ունեցողներու, ուսեալներու եւ յատկապէս՝ երիտասարդ ընտրանիի արտագաղթին պատճառով: Յստակ չենք գիտեր, թէ քանի հազար լիբանանահայեր արտագաղթեցին: Լիբանանի մէջ մարդահամար կատարելու անկարելիութիւնը քաղաքական պատճառներով, նոյնիսկ խաղաղ պայմաններու մէջ, մեզի թոյլ կու տայ միայն ենթադրութիւններ կատարել լիբանանահայ համայնքի թուական ներկայ իրավիճակին մասին: Ամէնալաւատես աղբիւրներու համաձայն, լիբանանահայութիւնը ներկայիս կը հաշուէ 50էն 60 հազար մարդ:

Լիբանանահայ Մշակոյթի Առանձնայատկութիւններ

Ա. Լիբանանեան եւ Լիբանանահայ Մշակոյթ

Լիբանանեան մշակոյթը բազմաբնոյթ է թէ՛ աշխարհագրական իմաստով (լեռնային-ծովային) եւ թէ՛ Լիբանանէն անցած կամ հոն հաստատուած հաւաքականութիւններու մշակոյթներուն առումով:

Լիբանանահայ մշակոյթը մաս կը կազմէ լիբանանեան մշակոյթին: Ազդած է անոր վրայ՝ ու ազդուած անկէ:

Լիբանանը ըլլալով արաբական այն միակ երկիրը, որ յարաբերաբար աւելի ազատութիւններու վրայ հիմնուած վարչակարգ ունի, է նաեւ այն երկիրը, որուն համայնքային բաղադրութիւնն ու իրաւունքները ինչպէս նաեւ մշակոյթի ու հաւատալիքի ազատութիւնը երկրին սահմանադրութեամբ ամրագրուած են:

Հետեւաբար Լիբանանահայ համայնքը իր լիբանան հաստատուելու առաջին իսկ օրէն առիթը ունեցած է իր ուրոյն մշակոյթն ու սովորութիւնները պահպանելու մշակութային եւ կրթական որոշ ինքնավարութեամբ մը:

Բ. Լիբանանահայ Եկեղեցին, թերթն ու դպրոցը

Լիբանանահայ մշակոյթի կարեւորագոյն ազդակներէն են եկեղեցին, թերթն ու դպրոցը, որոնց միջոցաւ կը կատարուի հայ մշակոյթի ուսուցումն ու փոխանցումը, լիբանանահայութեան կազմաւորման առաջին իսկ օրէն հաստատուած էին ու լծուած աշխատանքի:

Եկեղեցին.Լիբանանահայ եկեղեցիները՝երեք յարանուանութիւններու, աշխարհագրականօրէն լիբանանահայութեան բնակութեան վայրերուն համեմատ տրամաբանականօրէն բաժնուած են Լիբանանի մէջ: Հոն, ուր կարելի եղած չէ եկեղեցի կառուցել, շինուած է մատուռ՝ գոհացնելու հաւատացեալներու հոգեւոր պէտքը:

Եկեղեցին իր ծիսակատարութեամբ եւ հայկական տօներու օրացոյցով եւ տօնակատարութիւններով մեծապէս սատարած է լիբանանահայութեան մշակոյթի կրօնական երեսը պահպանելու: Եկեղեցին ալ իր կարգին անշուշտ ազդուած է լիբանանեան մշակոյթէն ինչպէս Ծաղկազարդի թափորը, որ ատենին հայկականօրէն տեղի կ’ունենար եկեղեցիին մէջ միայն, սակայն ազդուելով լիբանանեան քրիստոնեայ այլ համայնքներու սովորութիւններէն՝ եկեղեցիէն դուրս եկած է ժամանակի ընթացքին եւ կը կատարուի եկեղեցիին շուրջ: Եկեղեցւոյ անուանակոչումներու հետ կապուած նաեւ հերոսամարտերու մատաղօրհնէքը եւ Այնճարի Ս. Խաչի տօնը, խաղողօրհնէքը, ազգագրական, նաեւ եկեղեցական կարեւոր տօնակատարութիւններուն մաս կը կազմեն:

Սկիզբէն եւեթ պահպանուած են այս սովորութիւնները, թէեւ՝ տարուէ տարի, ժողովրդագրական տուեալներով բնականաբար նուազ մասնակիցներով: Հինգ տաղաւարներու տօնակատարութիւնները բնականաբար պահպանուած են եկեղեցւոյ մէջ, որոնց ներկայ կ’ըլլան մեծ թիւով լիբանանահայեր: Օրինակ, Մեռելոցը, նուազագոյնը՝ Ս. Ծնունդի եւ Ս. Զատկուան յաջորդող օրերուն տակաւին յարգուած ընկերային-եկեղեցական սովորութիւն մըն է, որ կը գործադրուի անխափան: Պահպանուած չէ կարգ մը կրօնագիրքերու հիւանդներու գլուխին կամ ընդհանրապէս ֆիզիքական ապահովութեան համար ենթակային գլխուն կարդացուող՝ ինչպէս Կիպրիանոսի կամ Նարեկի սովորութիւնը: Լաւագոյն պարագային, անոնք փոխարինուած են այս գիրքերը կամ աւետարանը պահելու անկողնին գլխուն մասին տակ:

Թերթը. Լիբանանահայ թերթերը կարեւոր դեր խաղցած են ինչպէս համայնքը հայկականութեամբ ներշնչելու եւ հայ իրականութեան իրազեկ դարձնելու, նաեւ՝ հայոց լեզուի պահպանման մէջ: Կիլիկիոյ գիւղերէն եւ քաղաքներէն մազապուրծ Լիբանան ապաստանած դպրոցական կամ որբանոցային տարիքային խումբէն աւելի մեծ տարիք ունեցող սերունդին, որոնք թրքախօս էին,  հայերէն լեզուի իմացութիւնը մեծ մասամբ թերթերուն միջոցաւ իրականացած է: Անոնցմէ կուսակցապատկան կամ միութենապատկան թերթերը կը շարունակեն գոյատեւել այսօր հակառակ ընթերցողի պակասին եւ արհեստագիտութեան՝ տպագիրին հասցուցած վնասներուն, որ նաեւ անշուշտ լոկ հայկական երեւոյթ չէ:

 

Դպրոցը. Լիբանանահայ համայնքu այն միակ սփիւռքն է, որուն կրթական համակարգը ամբողջական եղած է մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան, ըլլան անոնք անհատական, եկեղեցապատկան թէ միութենապատկան: Միեւնոյն համակարգին մէջ լիբանանի մէջ գործած են հայկական որբանոցներ: Լիբանանի մէջ գործած են եւ կը գործեն նաեւ լիբանանահայ մասնագիտացած դպրոցներ ինչպէս ուսումնական յատուկ դժուարութիւններ ունեցողներուն եւ թերաճներուն նաեւ երաժշտութեան, գծագրութեան պարարուեստի, եւայլն: 

Սկզբնական տարիներուն, լիբանանահայ դպրոցը եղած է եկեղեցապատկան նախակրթարան: Շուտով միութիւնները եկած են համալրելու դպրոցական համակարգը իրենց երկրորդական վարժարաններով կարգ մը անհատական նախաձեռնութիւններու կողքին: Կրթական համակարգը համալրուած է Հայկազեան Համալսարանով, որ  միակ հայկական համալսարանը կը հանդիսանայ ոչ միայն Լիբանանի մէջ այլեւ ամբողջ Սփիւռքի: Լիբանանի կրթական համակարգը արտօնած է հայոց լեզուին, պատմութեան եւ մշակոյթին ազատ ուսուցումը հայկական վարժարաններէն ներս, ուրկէ հասած են հայութեամբ թրծուած սերունդներ, որոնցմէ ոմանք արտագաղթելով նոր աւիշ փոխանցած են արեւմտեան աշխարհի այն սփիւռքներուն, ուր վերահաստատուած են: Դպրոցական ատենամարզանքները (շաբթուայ յատուկ օրի մը դպրոցական ժամերուն աւարտին տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ կազմակերպուած արտադասարանային հաւաքական ձեռնարկ) իրենց դերը ունեցած են հայ մշակոյթի տարրերուն փոխանցման ընթացակարգին մէջ: Նոյնին ծառայած են դպրոցական ամավերջի հանդէսներն ու պատի թէ տպագիր պարբերաթերթերը:

Գ. Մետիա ընդհանրապէս

Մետիան ընդհանրապէս իր կարեւոր դերը խաղցած է լիբանանահայ մշակոյթի ձեւաւորումին ու պահպանման մէջ: Շատ կանուխ նոյնիսկ 1940ական թուականներէն Լիբանանի պետական ռատիօն ունեցած է հայկական ռատիօժամ: Մերձաւորութեան հանգամանքով Կիպրոսի ռատիոյի հայկական ռատիօժամը նաեւ խոշոր նպաստ բերած է այս ուղղութեամբ: Տօնական օրերուն ինչպէս Ս. Ծնունդ եւ Ս. Զատիկ Երուսաղէմի միաբանութեան սփռած հաղորդումները սատարած են հայկական կրօնական մթնոլորտ ստեղծելու լիբանանահայ տուներուն մէջ: Լիբանանահայութիւնը ունեցած է եւ ունի ռատիօներ: Հեռուստաընկերութիւն ունենալու փորձերը եղած են փոքրաթիւ եւ կարճատեւ:

Դ. Լիբանանահայ միութիւններ

Իւրաքանչիւր Հայկական աւանդական կուսակցութեան հովանիին տակ՝ ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, ՌԱԿ հիմնադրուած են եւ սկսած են գործել մշակութային միութիւններ ինչպէս Նոր Սերունդը, Համազգայինը եւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, որոնք իրենց կարգին ունեցած են իրենց դպրոցները, թատերախումբերը, երգչախումբերը, պարախումբերը, եւայլն: Վերը նշուած երաժշտութեան կամ արուեստի առանձնայատուկ դպրոցները նաեւ վայելած են միութիւններու հովանաւորութիւնը երաժշտական դպրոցներու անհատական նախաձեռնութիւններու կողքին:

Մշակոյթի բնագաւառէն ներս անհատական նախաձեռնութիւնները համեմատաբար նուազ երկարակեաց եղած են: Ասոր պատճառը կրնայ հաւաքականութիւն ընդդէմ անհատ մշակութային արժէքը ըլլալ ուր հաւաքական գործը աւելի արժեւորուած է քան անհատականը: Միութենական մշակութային ճիգին մեծ զարկ տուած են Հայաստանէն հիւրաբար ելոյթ ունեցող խումբերը՝ 1950ականներու վերջէն սկսեալ: Անոնք ոչ միայն հայ մշակոյթով տոգորած են համայնքը այլ նաեւ քաջալերիչ հանգամանք հանդիսացած են կարգ մը լիբանանահայ երիտասարդներու այս ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ ուսանելուն եւ որպէս արհեստավարժներ ապագային վերադառնալով ծառայելու իրենց միութիւններուն: Աւելի ուշ այս երեւոյթը դադրած է դժբախտաբար եւ միութիւններ ստիպուած եղած են հայրենի արհեստավարժներ հրաւիրել իրենց պարախումբերը, երգչախումբերը կամ թատերախումբը մարզելու համար, սակայն նկատի ունենալով հիւր խմբավարին կամ բեմադրիչին ժամանակաւոր կեցութիւնը արուեստի այս բնագաւառները եղանակային աշխատանք ցոյց տուած են յաճախակի ընդմիջումներով: Մշակութային միութիւններու իւրայատուկ յաղթանակներէն եղած է իրենց խումերուն (պարախումբ, երգչախումբ թէ թատերախումբ) համասփիւռքեան հիւրախաղերու մեկնումը, որով խանդավառուած են նոյն կարելիութիւնները չունեցող սփիւռքի այլ հայ համայնքներ:

Ե. Արուեստի մարզ

Արուեստի մարզին մէջ, ուր լեզուն արգելք չէր կրնար ըլլալ, լիբանանահայ անհատը մեծ յաջողութիւն գտած է ինչպէս նկարչութիւն, կերպարուեստ, նուագ, եւայլն: Ուր, որ լեզուն հիմնական դեր կը խաղայ՝ լիբանանահայութիւնը ընդհանրապէս ձախողած է բարձր դիրքեր գրաւելէ: Իւրայատուկ է դերասան եւ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի պարագան, որ իր արաբերէն լեզուի իմացութեան պակասը իր ուժին վերածած է եւ գրաւած լիբանանեան թատերական բեմեր: Երկար ժամանակ նկարչութեան եւ նուագի մարզերուն մէջ համալիբանանեան չափանիշով հայերը լաւագոյնը եղած են:

Լիբանանահայ մշակոյթը իր միութիւններով մէկտեղ իր գրեթէ ամէն բնագաւառներէն ներս մնացած է հայերէն՝ հայերուն հրամցուող եւ մնացած է սիրողական ծիրէն ներս առանց լուրջ քայլ կարենալ կատարելու դէպի արհեստավարժութիւն: Գլխաւոր պատճառներէն մին երեւի դարձեալ լեզուի խնդիրը եղած է, նաեւ զայն գլխաւորողներուն անատակութիւնը: Ասմունքի մարզը հոգեվարք կ’ապրի: Մշակութային այլ ձեռնարկներն ալ լաւագոյն վիճակի մէջ չեն այսօր՝ երբ օրինակի համար լիբանանահայ թատրոն մը մինչեւ 8000 հանդիսատես ունենալէ ետք, ժողովրդագրական եւ այլ պատճառներով հիմա այնքան նուազած է, որ, ֆինանսական տեսութեամբ կարելի չէ անոր մէջ մեծ ներդրում ընել ու բարձր մակարդակ ապահովել: 1965ին օրինակի համար համայնքի թիւի ամէնաբարձր օրերուն կարելի եղած է միջազգային փառատօներու մասնակցիլ ինչպէս Պաալպէքի փառատօնը:

Զ. Խոհանոց

Լիբանանահայ խոհանոցը մնացած է անաղարտ բնականաբար երբեմն համեմուած լիբանանեանով, որ շատ հեռու չէ օսմանեան ազդեցութենէն: Լիբանանահայ խոհանոցը կրցած է սահմանները կտրել ու լաւապէս ընկալուիլ տեղացիներու կողմէ: Շատ փնտռուած են հայերու պատրաստութեամբ խոհանոցի գիրքերը ինչպէս նաեւ վերջերս զարգացող հայկական ճաշարանները:

Է. Արհեստավարժ համախմբումներ

Փորձեր կատարուած են արհեստավարժ համախմբումներ կազմել ինչպէս՝ ուսուցչական, եւայլն սակայն կամ այն է, որ երկար կեանք չեն ունեցած կամ չեն կրցած իրագործել իրենց նպատակէտները:

Ը. Յատուկ անուններ

Երկար ժամանակ լիբանանահայութիւնը յաջողած է իր անդամներուն յատուկ անունները հայկական պահել, սակայն այս ալ հետզհետէ կը նահանջէ: Այսօր, մանաւանդ իգական սեռին պարագային, մեծհօր անունով կոչելու տուեալը սովորութիւն չէ մինչ արականներուն պարագային շատ յաճախ տուեալ անունը կը փոխարինուի անոր եւրոպականացած տարբերակով: Պատճառները շատ են, որոնց գլխաւորներէն կրնան հանդիսանալ քաղքենիութիւնն ու անշուշտ խառն ամուսնութիւնները, որոնք ընկերային գետնի վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունենալէն անդին ժխտականօրէն կը սատարեն լիբանանահայ մշակոյթի դիմափոխումին:

Ներկայի Հիմնախնդիրներ

Հայկական սփիւռքներու ինչպէս իւրաքանչիւր համայնք, լիբանանահայութիւնն ալ ունի իր մշակութային իւրայատկութիւններն ու յաճախ նաեւ նմանութիւնները սփիւռքահայ միւս համայնքներուն հետ: Թէ որքան կը գոյատեւեն սփիւռքները կամ իւրայատուկ կը մնայ անոնց մշակոյթը՝ կախեալ է շատ մը տուեալներէ որոնց մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ ժամանակի տուեալը:

Լիբանանի հայկական համայնքը կը գտնուի իր ազգային գիտակցութիւնը եւ մշակութային դիմագիծը կորսնցնելու ճակատագրական հանգրուանին մէջ: Հետեւաբար, Լիբանանի մէջ որպէս համայնք հայերու ներկայութիւնը մեծապէս վտանգուած է: Աւելին, նոր սերունդին անդամները որպէս անհատներ կը կորսնցնեն իրենց ազգային ինքնութիւնը, որպէս հետեւանք հայեցի դաստիարակութեան եւ հայկական հաստատութիւններուն մէջ զարգացման ռազմավարական ծրագիրներու բացակայութեան: Հայկական միութիւններէն ոմանք, իրենց ներկայ ղեկավարութեան ապիկարութեան պատճառով, շեղած են իրենց  աւանդական առաքելութենէն: Համայնքի ղեկավարութիւնը դժուարութիւն ունի կամ կարողութիւնը չունի տեսլապաշտ մտածողութեամբ ըստ այնմ ծրագրելու ապագան:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅԵՐՆ ԱՅՍՕՐ

Էթնոսոցիոլոգիական Հետազօտութիւններ

Երեւան – Պէյրութ 2019

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին