Հինգշաբթի, 17. 07. 2025

spot_img

Հանդիպում Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէնին Հետ

Լիբանանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հրաւէրով ՀՀ դեսպանատան մէջ հանդիպում կայացաւ աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Հայաստան համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի եւ հայկական ամենօրեայ լրատուամիջոցներու տնօրէններուն հետ։Հանդիպման ներկայ էր ՀՀ դեսպանութեան գ․ քարտուղար Դաւիթ Ալլավերտեան։

Դեսպան Աթաբէկեան պարզեց գործադիր տնօրէնին Լիբանան այցելութեան նպատակը , Լիբանանի ճգնաժամին հետեւանքով ստեղծուած տնտեսական ծանր կացութեան մէջ լիբանանահայ կրթական մարզին Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի որոշած նիւթական աջակցութիւնը, եւ անդրադարձաւ լիբանանահայ լրատուամիջոցներու կատարած աշխատանքին կարեւորութեան։

Հայաստան հիմնադրամի գործունէութեան մասին գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի տեղեկատուական եւ վերլուծական զեկուցումը կը վերաբերէր վերջին շրջանի աշխատանքներուն, հանգանակութեան նորարար եղանակներուն, Հիմնադրամի մշակած ռազմավարութեան եւ հետագայ ծրագիրներուն։

Ապա օրաթերթերու եւ ռատիոներու տնօրէնները ողջունեցին ճգնաժամին մէջ յայտնուած լիբանանահայ կրթական համակարգին  Հայաստան հիմնադրամին կողմէ կատարուած աջակցութիւնը, որմէ ետք քննարկումը կեդրոնացաւ համահայկական այս կարեւորագոյն կառոյցի ցանցային աշխատանքի ծաւալման եւ մանաւանդ սփիւռքահայ տեղեկատուական հաստատութիւններուն կողմէ այդ բոլորի մասին լուսաբանման աշխատանքներուն թափ տալու եղանակներուն վրայ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին