«Ս. Յակոբ եկեղեցին, որ Հայ եկեղեցւոյ անքակտելի օղակներէն մին է, հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու կապուածութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ պիտի շարունակէ նոր ուժականութեամբ» ըսաւ սրբազան հայրը
14-15 դեկտեմբերին Էշրէֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր կերպով միաժամանակ նշուեցան Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնը եւ եկեղեցւոյս կառուցման ու օծման 65-ամեակի ընդառաջումը, անուանակոչութեան տօնը եւ «Բարերարներու օր»-ը։
Շաբաթ 14 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9։00-ին կատարուեցաւ աղօրհնէք, որուն յաջորդեց ոչխարներու զենում, ապա ժամը 10։00-ին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մատաղի ծագման իմաստի մասին դասախօսութիւն, իսկ երեկոյեան ժամը 7։00-ին ժամերգութիւն։
Կիրակի 15 դեկտեմբերին հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսին մատուցուեցաւ ս. պատարագ։
Սրբազան հայրը իր քարոզին բնաբանը ունենալով Յովհաննու աւետարանի Ժ. գլուխին մէջ գրուած Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը՝ «Ես եկայ, որպէսզի կեանք ունենան եւ լեցուն կեանք ունենան», նկատել տուաւ, որ չորս առնչակից, օրհնեալ եւ աստուածահաճոյ առիթներ համախմբած են մեզ, որպէսզի անգամ մը եւս միասնաբար մտածենք, թէ ինչ կը նշանակէ լեցո՛ւն կեանք ունենալ։ Այդ առիթներն են՝ Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին տօնը, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնն ու մատաղի օրհնութիւնը, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ օծման 65-ամեակի նախապատրաստութիւնը եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Բարերարներու օր»-ը։ Սրբազանը ըսաւ, որ երբ այս չորս առիթները լուսարձակի տակ բերենք եւ հարց տանք, թէ ինչպէ՞ս ասոնք իրարու կ՛ընդելուզուին, այն ատեն գտած կ՛ըլլանք պատասխանը այն լեցո՛ւն կեանքին, որուն Քրիստոս կ՛ակնարկէ եւ պիտի ըմբռնենք այս խօսքին ճշմարտութիւնը՝ երբ նայինք մեր հայ քրիստոնէական կեանքին եւ փորձենք զայն վերլուծել մեր հաւաքական մասնակցութեամբ։ Սրբազանը յայտնեց, որ մեր մարդկային կեանքը յարաբերութիւններու ընթացք մըն է եւ այդ յարաբերութիւններու ցանցով է, որ մարդ իր կեանքը կ՛իրագործէ այս աշխարհի վրայ եւ իր բարեկամութեամբ, կապերով, գործերով կը դառնայ սիրելի, ընտրուած անձ մը կամ հակառակը։ Աստուած իր գերագոյն սիրով ստեղծեց մեզ. իր պատկերով եւ նմանութեամբ արարեց մեզ եւ աստուածային սիրոյն մշտական դրոշմը դրաւ իր մեզի` մարդոցս գալով։ Աստուած եկաւ մարդոց մէջ բնակելու համար։ Շարունակելով իր խօսքը սրբազանը բացատրեց, թէ Աստուած իր գալով, մեզի կեանք պարգեւելով, մեզ իր փառքին մասնակից կը դարձնէ, որպէսզի դառնանք կենդանի եւ բանական արարածներ եւ ապրինք կեանքը աստուածասիրութեամբ եւ մարդասիրութեամբ։ Լիբանանի մէջ յամեցող տագնապալի իրավիճակին ակնարկելով` սրբազանը ըսաւ, թէ մարդկային կեանքի ամենէն սուր տագնապը նոյնինքն մարդուն մէջ մարդկայնութեան աղարտումն է եւ այսօր ո՛չ միայն Լիբանանի մէջ այլ ամբողջ աշխարհի մէջ մարդը կորսնցուցած է իր կեանքի նպատակը, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ աստուածսիրութիւն եւ մարդասիրութիւն։ Սրբազանը ըսաւ, որ կեանքը ժամանակաւոր հանգրուան մըն է, բայց լեցո՛ւն կեանքն է որ կեանքը իրաւօրէն վայելող մարդուն իմաստ կու տայ աւելցնելով, որ լեցուն կեանքը եկեղեցւոյ մէջ արտայայտութիւն կը գտնէ, որպէս առաքելութիւն եւ եկեղեցւոյ առաքելութեամբ Աստուծոյ առաքելութիւնն է որ կ՛իրագործուի այս աշխարհին մէջ եւ մեր փուճ կեանքը կը լեցնէ աստուածային ներկայութեամբ եւ անթառամ արժէքներով։ Լեցո՛ւն կեանքը փրկութեան կեանքն է եւ եկեղեցին մեր բոլորին մասնակցութեամբ կը դառնայ այդ լեցո՛ւն կեանքին վաւերական պարունակը։ Անդրադառնալով Ս. Յակոբ հայրապետին, սրբազանը հաստատեց, որ ան սուրբ դարձաւ լեցո՛ւն կեանք ապրելով։ «Եկեղեցւոյ անուանակոչութիւն տօնել կը նշանակէ հաւաքաբար վերանորոգել մեր ուխտը, որ մենք լեցո՛ւն կեանքի աշակերտներ ենք։ Այն ինչ որ կը կատարենք, որպէս բարոյական կամ նիւթական մասնակցութիւն լեցո՛ւն կեանքի գանձանակին մէջ դրուած մեր լուման է եւ այդ լումաներով լեցո՛ւն կեանքը իմաստ կը ստանայ երբ մենք մեր ունեցածէն, մեր կարողութիւններէն, մեր շնորհքներէն արդար բաժին կը հանենք մեր եկեղեցւոյ, մեր դպրոցին, մեր ակումբին, մեր հայրենիքին եւ մեր պահանջատիրութեան. այլ խօսքով` մեր հայկական ինքնութեան» հաստատեց սրբազանը աւելցնելով, որ 65 տարի առաջ հաւատք եւ տեսիլք ունեցող հայորդիներ գլխաւորութեամբ այդ օրերու առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոսի կառուցեցին Ս. Յակոբ եկեղեցին, որպէս Աստուծոյ եւ ազգին տունը եւ 65 տարիէ ի վեր այս եկեղեցին, որպէս վկայութեան խորան կը ծառայէ մեր ժողովուրդին։ «Այսօր, 65 տարիներու հեռաւորութենէն մենք եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է, որ կը գնահատենք եւ ոչ թէ այս քարեղէն կառոյցը։ Հազարաւոր վանքեր եւ եկեղեցիներ կորսնցուցինք, բայց անոնց տեղ նորերը կառուցեցինք հաւատալով, որ մեր կորսնցուցած եւ վերատիրանալիք ու կառուցած եկեղեցիներուն, վանքերուն, դպրոցներուն, մշակութային կեդրոններուն ընդմէջէն մենք մեր հոգին, սիրտը եւ միտքը կառուցեցինք։ Ինչ արժէք ունին քարեղէն կառոյցները եթէ հոն չի բաբախեր հայուն սիրտը, թռիչք չառներ հայուն միտքը, չաղօթեր հայու հոգին» շեշտեց սրբազանը։
Անդրառնալով «Բարերարներու օր»-ուան, սրբազանը գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք անցեալին, այսօր եւ ապագային բարիք գործելու հայ քրիստոնէական սկզբունքէն մեկնած իրենց մասնակցութիւնը բերած են, կը բերեն եւ պիտի բերեն եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Սրբազանը նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ընդգծելով, որ հակառակ շրջանի մէջ հայութեան թիւի զգալի նուազումին, Ս. Յակոբ եկեղեցին, որ Հայ եկեղեցւոյ անքակտելի օղակներէն մին է, հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու կապուածութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ պիտի շարունակէ նոր ուժականութեամբ։
Իր քարոզի աւարտին սրբազանը անդրադարձաւ անցնող շաբթուան ընթացքին պատահած պատմական դէպքին, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայկական ցեղասպանութիւնը։ Սրբազանը շեշտեց, որ աշխարհի մեծերը, քաղաքագէտները, պետութիւնները հարկ է պատմութիւնը ճշմարտօրէն եւ արդարօրէն տեսնեն եւ ըստ այնմ որոշում առնեն աւելցնելով, որ արդէն ուշացած են մեր նահատակներուն յիշատակին եւ մեր պահանջատիրութեան սրբազան պայքարին հանդէպ, սակայն ուշացած սրբագրութիւնը անգամ մենք կ՛ընդունինք եւ կը պահանջենք Թուրքիայէն, որ գիտակցութիւնը ունենայ իր պատմութեան ամէնէն դառն, ամէնէն սեւ էջին հետ հաշիւի նստելու եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը որպէս արդարութիւն ճանչնալու, ընդունելու եւ ըստ այնմ հատուցելու հայ ժողովուրդին։ «Մեր պատմութէնէն եւ մեր ներկայէն գիտենք, որ երբ աղօթք եւ կեանքի վկայութիւն, հաւատք եւ պայքար միասնաբար մեր կեանքին մէջ մեզ կը զօրացնեն եւ կը մղեն, այն ատեն մենք միշտ յաղթական դուրս կու գանք» շեշտեց սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը կոչ ուղղեց բոլորին լեցո՛ւն կեանք ունենալու, որպէսզի զայն հաւաքաբար վայելենք երկինքի թագաւորութեան մէջ։
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք։
Այնուհետեւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ տրուեցաւ սիրոյ սեղան։ Եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին անունով Յակոբ Ալլըքեան բարի գալուստ մաղթելէ վերջ ներկաներուն նկատել տուաւ, որ բաւական դժուար որոշում մըն էր որ առնուեցաւ եկեղեցւոյ ընտանիքին կողմէ կազմակերպելու սոյն տօնախմբութիւնը, Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային այս դժուարին օրերուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր՝ իր հովանաւորութիւնը շնորհելուն համար, իսկ բոլորին՝ իրենց ներկայութեան համար։ Ալլըքեան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին իրենց անսակարկ նուիրումին եւ ծառայութեան համար։
Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Մեսրոպ աւ. քհն. Քէրքէզեան շնորհակալական խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, որ միասնաբար եւ ձեռք ձեռքի տուած միշտ պատրաստ է ծառայելու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։
Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ ընտանիքը, որ Լիբանանի ներկայ աննպաստ պայմաններուն մէջ յանձն առաւ նշելու եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը աւելցնելով, որ երբ հաւաքաբար կամքով, տեսիլքով եւ յանձնառութեամբ բան մը ընենք` կը յաջողինք։ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ մեր մասնակցութիւնն է, որ կ՛երաշխաւորէ մեր յաջողութիւնը եւ գոյատեւութիւնը աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր անուանակոչութեան տօն մեր մասնակցութեամբ կը ծաղկեցնենք։ Եզրափակելով իր խօսքը սրբազանը մաղթեց, որ մինչեւ 2020 եկեղեցւոյ 65-ամեակի առիթով կատարուելիք արժանավայել տօնախմբութիւնը, բոլորս մտածենք, գործենք եւ մասնակցինք 65-ամեակը տօնելու հաւաքաբար, Աստուծոյ փառքին, մեր նախորդներուն յիշատակին անմահութեան եւ մեր հաւաքական յաջողութեան համար։
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` կատարողութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, նաեւ մասնակցութեամբ Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարեան ամոլին։