Նոր Կառավարութեան մը կազմութիւնը դիւրին պիտի չըլլայ ըսաւ Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա:
«Կը յուսամ, որ Երկուշաբթի օր երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները տեղի կ՛ունենան… սակայն նախարարաց խորհուրդի կազմութիւնը դիւրին պիտի չըլլայ» ըսաւ ան երէկ յետմիջօրէին հեռասփռուած խօսքին մէջ:
Նասրալլա աւելցուց, որ իր գլխաւորած կողմը կը պնդէ Ազգային Ազատ Հոսանքին կառավարութեան մէջ մասնակցութեան վրայ:
Ան նաեւ աւելցուց, որ Հըզպալլան եւ Ամալը կը մերժեն միակողմանի նախարարաց խորհուրդի մը կազմութիւնը:
Հետաքրքրական զարգացումով մը, Ուաշինկթըն պատժամիջոցներ սահմանեց լիբանանցի երեք անձերու նկատմամբ, որոնք ամբաստանուած են Հըզպալլայի համար դրամ լուալու յանցանքով: Հրապարակուած անուններն են Նազէմ Ահմատ, Սալէհ Ասսի եւ Թոնի Սաապ:
Միւս կողմէ նշենք, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ցուցարարները փակեցին Ժալ էլ Տիպի մայրուղին երկու ուղղութեամբ: Մայրուղին բանալու հետամուտ Լիբանանեան բանակի զինուորներուն հետ փախումներ արձանագրուեցան, որուն որպէս արդիւնք ցուցարարներու շարքերէն վիրաւորուեցան քանի մը երիտասարդ:






