Հինգշաբթի, 17. 07. 2025

spot_img

Հովուական Վերադասաւորումներ Լիբանանի Հայոց Թեմին Մէջ

Առ ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը յայտնենք, թէ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովի առաջարկով եւ առաջնորդ սրբազան հօր` գերաշնորհ Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսի որոշումով, վերջերս հետեւեալ հովուական վերադասաւորումները կատարուեցան.-

      Ա.- Արժ. Տ. Դանիէլ քհն. Մանճիկեան մօտ օրէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ պիտի մեկնի` ծառայելու համար Արեւելեան շրջանի թեմին մէջ։

      Բ.- Արժ. Տ. Օշին աւ. քհն. Գէորգեան Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ։

      Գ.- Արժ. Տ. Ներսէս քհն. Պասիլեան Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ։

      Դ.- Արժ. Տ. Յակոբ քհն. Պզտիկեան եւ Արժ. Տ. Խորէն քհն. Մելքոնեան Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ նշանակուեցան։

      Ե.- Արժ. Տ. Առաքել քհն. Տըմտըմեան Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռի հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ։

      Առաւել, Արժ. Տ. Սեւակ աւ. քհն. Վասիլեան հանգստեան կոչուեցաւ։

      Աստուածահաճոյ եւ եկեղեցանուէր առաքելութեան կը մաղթենք մեր քահանայ հայրերուն, քաջ գիտնալով` որ իրենց հովուական սպասաւորութիւնը պիտի ծաւալեն ականջալուր դառնալով Պօղոս առաքեալի յորդորին.- «Երախտապարտ եմ մեր Տիրոջ` Քրիստոս Յիսուսի, որ զօրացուց զիս եւ արժանի համարեց իրեն սպասաւոր կարգելու» (Առաջին նամակ Տիմոթէոսին 1.12)։

 

15 դեկտեմբեր 2019                                    ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին