Հաղորդագրութիւն Թիւ 1
Լիբանանի քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելու ճիգերուն մասնակից դառնալու նպատակադրումով, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ գերաշնորհ Տ․ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, թեմի Ազգային վարչութիւնը որոշեց յատուկ ուշադրութեամբ աշխատանքներ իրականացնել՝ կրթական եւ ընկերային ծառայութիւններուն առաւել եւս աջակցելով։
Այս շրջագիծին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին կողմէ կարիքաւոր ընտանիքներուն տրամադրուած հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկին հիմնաքար հանդիսացաւ հաստատելու Ազգային առաջնորդարանի «Լիբանանահայ կարիքաւորներու զօրակցութիւն»-ը, եւ կը յուսանք, որ նորին սրբութեան օրինակով մեր ունեւոր ազգայինները իրենք եւս Առաջնորդարանին ճամբով արագօրէն եւ առատօրէն պիտի զօրակցին մեր կարիքաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ Ուրախ ենք յայտնելու, որ Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Թալին Գլպաշեան արդէն իսկ հազար ամերիկեան տոլարով կը զօրակցին լիբանանահայ կարիքաւորներուն, իսկ տէր եւ տիկին Կարապետ եւ Յասմիկ Պապիկեան՝ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիով։
Նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրելու աշխատանքը Առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքին մէջ արդէն իսկ սկսած է եւ 11,300,000 լիբանանեան ոսկի բաժնուած է 113 կարիքաւորներու, իւրաքանչիւրին տրամադրելով 100,000 լիբանանեան ոսկի։
Յայտնենք նաեւ, որ ընկերային ծառայութիւններու վերաբերեալ տեսակէտներ փոխանակելու համար, Առաջնորդ սրբազան հօր հրաւէրով, ուրբաթ, 6 դեկտեմբեր 2019-ին, տեղի ունեցաւ ընկերային, բժշկական, բարեգործական եւ ծառայողական կառոյցներու հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան հայ երեք համայնքապետերը, ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան, Երեսփոխանական գրասենեակի, ԱՖՀԻԼ-ի, Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի, Ազգային ծերանոցի, «ԷՀԼԱՆ» ընկերային կեդրոնի, Թրատի ընկերային կեդրոնի, «Նարեկի Տիրամօր» բժշկական կեդրոնի, Զուարթնոց կեդրոնի, Ընկերային ծառայողներու միութեան եւ Առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի ներկայացուցիչները։ Բանաւոր պատճառներով հանդիպումէն կը բացակայէին ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանային յանձախումբի եւ Ազունիէի ազգային բուժարանի ներկայացուցիչները։
Աւարտին, կը հաստատենք, որ ե՛ւ մեր նուիրատուներուն ե՛ւ մեր ծառայութիւններուն մասին պարբերական հաղորդագրութիւններով տուեալները եւ մանրամասնութիւնները պիտի դարձնենք մեր ժողովուրդին սեփականութիւնը։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ