Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Կառավարութեան Կազմութիւնը Դիւրին Պիտի Չըլլայ. Նասրալլա

Նոր Կառավարութեան մը կազմութիւնը դիւրին պիտի չըլլայ ըսաւ Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա:

«Կը յուսամ, որ Երկուշաբթի օր երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները տեղի կ՛ունենան… սակայն նախարարաց խորհուրդի կազմութիւնը դիւրին պիտի չըլլայ» ըսաւ ան երէկ յետմիջօրէին հեռասփռուած խօսքին մէջ:

Նասրալլա աւելցուց, որ իր գլխաւորած կողմը կը պնդէ Ազգային Ազատ Հոսանքին կառավարութեան մէջ մասնակցութեան վրայ:

Ան նաեւ աւելցուց, որ Հըզպալլան եւ Ամալը կը մերժեն միակողմանի նախարարաց խորհուրդի մը կազմութիւնը:

Հետաքրքրական զարգացումով մը,  Ուաշինկթըն պատժամիջոցներ սահմանեց լիբանանցի երեք անձերու նկատմամբ, որոնք ամբաստանուած են Հըզպալլայի համար դրամ լուալու յանցանքով: Հրապարակուած անուններն են Նազէմ Ահմատ, Սալէհ Ասսի եւ Թոնի Սաապ:

Միւս կողմէ նշենք, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ցուցարարները փակեցին Ժալ էլ Տիպի մայրուղին երկու ուղղութեամբ: Մայրուղին բանալու հետամուտ Լիբանանեան բանակի զինուորներուն հետ փախումներ արձանագրուեցան, որուն որպէս արդիւնք ցուցարարներու շարքերէն վիրաւորուեցան քանի մը երիտասարդ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին