Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

ԱՄՆ Ծերակոյտը Հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը քիչ առաջ միաձայն քուէարկութեամբ հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող` ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտեսի ներկայացուցած թիւ 150 բանաձեւը: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը։

Ծերակուտականներէն ոեւէ մէկը վեթօ չդրաւ այս անգամ փաստաթուղթի քուէարկութեան վրայ: Վերջին ամիսներուն 3 անգամ հանրապետական տարբեր ծերակուտականներ` Քեւին Քրամըրը, Տէյվիտ Փերտիւն, Լինսի Կրահամը, արգելափակած ու չէին ձգած, որ բանաձեւը ընդգրկուի Ծերակոյտի օրակարգին մէջ:

Հետաքրքրական է, որ 3 ծերակուտականներն ալ սկզբունքօրէն դէմ չեն արտայայտուած բանաձեւի ընդունման, սակայն նշած են, որ այժմ ատոր ժամանակը չէ: 

Ի դէպ, մինչ քուէարկութիւնը, գրեթէ մէկ ժամ առաջ Քիմ Քարտաշեանն ալ իր Instagram-ի էջին, շուրջ 135 միլիոն հետեւորդներուն կոչ ըրած  է զանգահարելու ծերակուտականներու գրասենեակ եւ պահանջելու կողմ ըլլալ ներկայացուած բանաձեւին:

Յիշեցնենք, որ այս բանաձեւէն անկախ, գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ փաստաթուղթ ընդունած էր նաեւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին