Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ յայտարարեց, որ իր հոսանքը պիտի մաս չկազմէ Հարիրիի գլխաւորելիք արհեստավարժերով եւ քաղաքական գործիչներով խառն կառավարութեան մը:
Պասիլի յայտարարութիւնը եկաւ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ ան երէկ կազմակերպեց:
Պասիլ յայտնեց, որ նման կառավարութիւն մը ճակատագրուած է ձախողելու: Այս պատճառով իրենք պիտի չմասնակցին:
Մինչ այդ ուսումնասիրութիւն մը հրապարակուեցաւ, որ կը նշէ թէ Լիբանան փտածութեան իմաստով ամենավատն է տարածաշրջանին մէջ: 6600մասնակիցներու վրայ հիմնուած միջազգային հարցախոյզի մը արդիւնքն է այս:






