Հինգշաբթի, 17. 07. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՋԵՐՄՕՐԷՆ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅԿԻՆ ԿՈՂՄԷ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ անմիջապէս որ իմացաւ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ջերմօրէն կ’ողջունենք այս եզակի իրագործումը հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մեր հաւաքական պայքարի ճանապարհին վրայ: Արդարեւ, այս գծով կարեւոր դեր ունեցան Միացեալ Նահանգներու հայ դատի մարմինները ու յատկապէս Ուաշինկթընի մէջ գործող հայ դատի գրասենեակը:

Անցնող տարիներու ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ մենք այցելած ենք յիշեալ գրասենեակը եւ քաջալերած ենք հայ դատի նուիրեալներուն աշխատանքը եւ մեր հայրապետական պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցած: Նաեւ հանդիպումներ ունեցած ենք հայ ժողովուրդի ու յատկապէս հայ դատի բարեկամ պետական պատասխանատուներու հետ: Ահա թէ ինչու մենք յատուկ ուրախութեամբ կ’ողջունենք այս կարեւոր նուաճումը, որ հետեւանքն է հաւաքական ու հետեւողական աշխատանքի»:

«Այս ուրախ առիթով, մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին՝ այն սպասումով, որ ներկայացուցիչներու տունէն եւ ծերակոյտէն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւս վճռական քայլ մը առնէ այս ուղղութեամբ»:

«Փառք ու յարգանք իր բռնաբարուած իրաւունքներու պայքարին նուիրուած հայ ժողովուրդին»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին