Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Կ. Պոլսոյ Հայոց Նորընտիր Պատրիարքը

Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան Պատգամաւորական Ժողովի ատենապետ Տիար Խաչիկ Ճանէլ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ուղղած իր 11 Դեկտեմբեր 2019 թուակիր նամակով կը հաղորդէր Բարձրաշնորհ Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի ընտրութիւնը, որպէս Պատրիարք Կոստանդնուպոլսոյ:

Վեհափառ Հայրապետը նորընտիր Պատրիարքին յղած իր շնորհաւորական նամակին մէջ ըսաւ. «Հոգեկան ցնծութեամբ եւ եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձեզ եւ կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը: Արդարեւ, Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը երկար շրջան մը թափուր մնալէ եւ զանազան դժուարութիւններ դիմագրաւելէ ետք, ահա այսօր Աստուծոյ օրհնութեամբ կ՚ունենայ իր նոր Պատրիարքը, վերանորոգ նուիրումով շարունակելու համար Պատրիարքութեան դարաւոր առաքելութիւնը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Մենք անձնապէս եղբայրական սերտ յարաբերութիւններ մշակած ենք Ձեր նախորդներուն՝ Երջնկ. Գարեգին եւ Մեսրոպ Պատրիարքներուն հետ: Վստահ ենք, որ Ձեր ընտրութեամբ նոր ու փայլուն էջ մը պիտի բացուի Պատրիարքութեան կեանքին մէջ եւ մեր երկու Նուիրապետական Աթոռներու միջեւ սերտ գործակցութիւնը շարունակուի»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին