Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն, Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին տօնը կը յիշատակենք Դեկտեմբերի կիսուն: Հայկական իրականութեան մէջ, հանրածանօթ այս յիշատակութիւնը երկար տարիներ շարունակ ի մի համախմբած է հայութիւնը: Մեզմէ շատեր կը կրեն Ս. Մծբնացիին անունը, Յակոբոս: Անուն մը, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն ներս զգալի ներկայութիւն է: Իսկութեամբ եւ էութեամբ հարազատ է մեր եկեղեցւոյ դաւանանքին եւ վարդապետութեան:
Պարթեւական տոհմէն ծնող Ս. Յակոբը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին հօրաքրոջ որդին էր ըստ Հայոց ճառընտիրներուն: Անակ Պարթեւի ընտանիքի բնաջնջումէն ետք, Յակոբ եւ Գրիգոր Կեսարիա տարուեցան որպէս փախստական եւ այդտեղ Քրիստոնէական հաւատքի բարեպաշտութեամբ ապրեցան:
Ս. Յակոբ իր չափահասութեան տարիքին հասնելով, իր քրոջ հետ կը փոխադրուի Պարսկաստան արքունիքին մէջ ապրելու համար: Ան կարճ ժամանակէ մը ետք կ’որոշէ առանձնանալ եւ ճգնաւորական կեանք ապրիլ, հեռու մնալով մարդոցմէ: Քարայրի մը մէջ աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կը շարունակէ իր կեանքը:
Երկար ժամանակէ ետք, Ս. Հոգիին առաջնորդութեամբ կ’ուղղուի դէպի Մծբին: Մծբինի մօտ վանք մը կար, ուր Մարուգէ ճգնաւոր վանահայրը կը բնակէր, ճգնաւորը Աստուծոյ կողմէ մարգարէական շնորհք ստացած էր: Երկու սուրբերը կը սկսին իրենց առաքելութիւնը, մեծ համբաւ կ’ունենան, եւ անոնց անունը կը տարածուէր ամէնուրէք: Շատ մը կռապաշտներ դարձի կու գային, իրենց հրաշալի պատգամները լսելէ ետք: Կը պատմուի, թէ Ս. Յակոբ առաջին հրաշքը կատարած է Սաթիթմայի գետին մօտ, ուր Ասորիները հանդիպեցան սուրբին հետ, եւ ծաղրելով առաջարկեցին, որ Սուրբը ջուրին վրայէն քալէ: Ս. Յակոբ իր վերարկուն կը փռէ ջուրին վրայ եւ քալելով գետը կ’անցնի: Այս եղաւ Սուրբին առաջին հրաշքը:
Վարք Սրբոցին մէջ կը պատմուի.- «…Ապա ճամբայ ինկաւ՝ գտնելու համար Նոյեան տապանը, եւ անկէ մաս մը բերելու Մարուգէ ճգնաւորին: Հրեշտակներու առաջնորդութեամբ հասաւ Արարատ գաւառը, բայց Աստուծոյ կարգադրութեամբ՝ չկրցաւ բարձրանալ մինչեւ Մասիսի կատարը: Ճամբան նիրհեց եւ Աստուծոյ հրեշտակը անոր բերաւ տապանէն մաս մը: Երբ արթնցաւ, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ որ զինք այս շնորհքին արժանացուց»: Շատ մը հրաշքներ եւ տեսիլքներ ունեցած է Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետը:
Ժամանակ մը ետք Մծբինի եպիսկոպոսը կը վախճանի, եւ հոգեւոր դասը կը մտահոգուի, թէ ով պիտի յաջորդէ վախճանեալ եպիսկոպոսը: Աստուծոյ տեսիլքով Մարուգէ ճգնաւոր կը տեսնէ թէ Ս. Յակոբն է այն արժանի անձը: Այդպէս ալ եղաւ, Ս. Յակոբ ընտրուեցաւ Մծբինի Եպիսկոպոս:
Եպիսկոպոս ըլլալէն ետք, հրաշք կատարելու շնորհքը աւելիով զարգացաւ: Կը պատմուի, թէ Մծբինի մէջ երկու մեծահարուստ եղբայրներ կային: Մէկը, որ Կոստանդիանոսի արքունիքին մէջն էր եւ սիրելի էր կայսրին, ընդունեց Քրիստոնէութիւնը եւ մկրտուեցաւ: Իսկ միւս եղբայրը՝ Կերդոն, մնաց իր մոլոր հաւատալիքներուն մէջ, ծաղրելով իր եղբայրը: Նոյն ատեն լսեց, թէ Ս. Յակոբ առողջացուցած էր 15 ամեայ անդամալոյծ մը: Ուստի, դիմեց Ս. Յակոբին, որպէսզի իր փոքրիկն ալ, որ ի ծնէ անդամալոյծ էր՝ բժշկէ:
Ս. Յակոբ ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, թէ ինչ որ հաւատքով խնդրենք, պիտի տայ մեզի»:
Ապա, պատրաստեցին աւազան մը եւ Կերդոնի ութամեայ տղան մէջը իջեցուցին եւ մկրտեցին՝ յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Մանուկը բժշկուեցաւ, եւ սկսաւ քալել: Ասոր վրայ Կերդոն իր ընտանիքով միասին մկրտուեցան, եւ սուրբին հռչակը տարածուեցաւ ամէն կողմ:
Պարտինք նաեւ յիշել թէ Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետ մասնակցած է Նիկիոյ Տիեզերական ժողովին 325 թուականին: Յատկանշական է նաեւ յիշել, թէ Ս. Յակոբ իր գրիչով գրուած շատ մը աստուածաբանական եւ բարոյախօսական ճառեր եւ յօդուածներ փոխանցած է հաւատացեալ ժողովուրդին: Յիշենք նաեւ, որ Ս. Ներսէս Շնորհալին, Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին յիշատակին նուիրած է «Յաղթող եւ Ս. Հայրապետ» շարականը: Ս. Յակոբ իր հոգին Աստուծոյ կը յանձնէ շուրջ 347 թուականին:
Հակիրճ կերպով անդրադառնալէ ետք սուրբին կեանքին, կը տեսնենք անոր ունեցած նուիրումը, ծառայական ոգին եւ առաքելութիւնը, որ խարսխուած է հոգեւոր արժէքներու վրայ: Սուրբին առաքելութեան շնորհիւ է, որ մինչեւ օրս Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը յիշատակէ իր տօնը:
Եթէ կ’ուզենք Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին կեանքէն օրինակներ քաղել, ապա պէտք է շեշտենք անոր ունեցած խոնարհութեան, համեստութեան եւ ծառայութեան ոգին: Ս. Յակոբ նաեւ կը յիշեցնէ մեզ թէ Աստուծոյ կամքն է որ կը կատարուի այս աշխարհին մէջ, անոր կեանքը եւ գործունէութիւնը մեծագոյն փաստն է այդ իրողութեան: Ճգնաւորական կեանքի եւ ժողովուրդին ծառայելու սէրը զինք մղեցին ապրելու այնպիսի կեանք մը, որ կը պատկերացնէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութիւնը:
Ս. Յակոբ Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, Քրիստոսի հաւատքն է որ տարածեց մարդկութեան կեանքերէն ներս: Այսօրուան պատգամը մեզի, այս է. Քրիստոսի օրինակին հետեւիլ, եւ Աստուծոյ անունը փառաւորել: Ս. Յակոբ իր առաքելութեամբ, իր կեանքով մարմնաւորեց այս բառերը. այսօր մենք ալ մեր կարգին հրաւիրուած ենք, մեր կեանքով մարմնաւորելու նոյն բառերը:
Ան իր ունեցած ճգնաւորական կեանքով մեր դիմաց պարզեց աղօթական կեանքի կարեւորութիւնը: Ս. Յակոբ աղօթական կեանքի շնորհիւ է որ արժանացաւ տեսիլքի շնորհքին: Աղօթքն էր իր ամենաուժեղ զէնքը: Այսօրուան այս տօնին պատգամը աղօթական կեանքի հզօրացման հրամայականն է որ կը շեշտէ:
Հետեւաբար, սիրելի ընթերցողներ, թող Ս. Յակոբի այս տօնը առիթ ըլլայ բոլորիս, աղօթքով աւելի հզօրանալու, խոնարհութեան, համեստութեան եւ ծառայական ոգիով լիցքաւորուելու:
Շնորհաւոր Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին տօնը, եւ շնորհաւոր Յակոբ անունը կրող մեր բոլոր հայորդիներուն:
ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն