Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Բակօ Սահակեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած է ԼՂՀ Անկախութեան Հանրաքուէի եւ Սահմանադրութեան Օրուան Առիթով

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Դեկտեմբեր 10-ին, շնորհաւորական ուղերձ յղած է ԼՂՀ պետական անկախութեան մասին հանրաքուէի եւ Սահմանադրութեան օրուան առիթով:

«Սիրելի՛ արցախցիներ, Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ պետական կարեւորագոյն տօնի՝ ԼՂՀ պետական անկախութեան մասին հանրաքուէի եւ Սահմանադրութեան օրուան առիթով: Թէ՛ 1991-ին եւ թէ՛ 2006-ին այս օրը մեր ժողովուրդը կատարեց պատմական ընտրութիւն՝ իր ձայնը տալով յանուն ազատ ու անկախ Արցախի, յանուն ժողովրդավարական, իրաւական ու հասարակական պետութիւն կառուցելու անսասան որոշման: Մեր պետականաշինութեան ճանապարհին կարեւոր քայլ էր երկրի հիմնական օրէնքի՝ Սահմանադրութեան ընդունումը, որուն հիմքը մարդն է, անոր իրաւունքներու, ազատութիւններու եւ շահերու պաշտպանութիւնը: Ասոնք համամարդկային արժէքներ են, որոնք կարեւոր են քաղաքացիական հասարակութեան ու ժողովրդավարական հիմնարկներու կայացման համար:

Եւ արդէն 28 տարի է՝ մենք կ՝ընթանանք այս ճանապարհով՝ օր օրի զարգացնելով ու զօրացնելով մեր երկիրը, ամրապնդելով պետականութեան հիմքերն ու ժողովուրդի անվտանգութիւնը, բարելաւելով մարդոց կենսապայմանները: Ասիկա բարդ ու անհարթ ճանապարհ է, որ մեր ժողովուրդը կ՝անցնի պատուով ու արժանապատւութեամբ՝ անձնուիրաբար յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւններն ու փորձութիւնները:

Թանկագի՛ն հայրենակիցներ,

Մէկ անգամ եւս կը շնորհաւորեմ բոլորս այս նշանակալի տօնին առիթով եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն, մեծագոյն յաջողութիւններ՝ ի փառս Արցախի Հանրապետութեան ու մեր ժողովուրդի»,- նշուած է շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին