Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը մնայ անդրդուելի իր կեցուածքին մէջ եւ պնդէ թէ կառավարութիւնը գլխաւորելու իր պայմանը անոր անդամներու արհեստավարժներէ կազմուած ըլլալն է: Այսպէս հաղորդեցին երէկ իրեն մօտիկ աղբիւրներ:
Միւս կողմէ երէկուայ օրը դարձեալ յատկանշուեցաւ ցոյցերով եւ ճամբաներու փակումով յատկապէս Թրիփոլիի եւ Ճիւնիի մէջ, որպէս բողոք՝ պահանջելով ազատ արձակել օրուայ ընթացքին ձերբակալուած ցուցարարները: Ի վերջոյ անոնք ազատ արձակուեցան Փաստաբաններու սենտիքայի նախագահին եւ խումբ մը փաստաբաններու ջանքերով:
Աւելի ուշ գիշերին ցուցարարներ սկսան պաշարել նախարարներու տուներ, վերջինը՝ ներքին գործոց նախարարի տունը ուր անոնք պահանջեցին, որ կամայական ձերբակալումներ չըլլան խաղաղ ցուցարարներու մինչ անոնց վրայ ճնշող ու անոնց վրայ յարձակելով իրենց վրանները քանդող մարդիկ ազատ կը մնան:






