Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Հարիրի Կը Պնդէ Արհեստավարժերով Կազմուած Կառավարութեան Վրայ

Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը մնայ անդրդուելի իր կեցուածքին մէջ եւ պնդէ թէ կառավարութիւնը գլխաւորելու իր պայմանը անոր անդամներու արհեստավարժներէ կազմուած ըլլալն է: Այսպէս հաղորդեցին երէկ իրեն մօտիկ աղբիւրներ:

Միւս կողմէ երէկուայ օրը դարձեալ  յատկանշուեցաւ ցոյցերով եւ ճամբաներու փակումով յատկապէս Թրիփոլիի եւ Ճիւնիի մէջ, որպէս բողոք՝ պահանջելով ազատ արձակել օրուայ ընթացքին ձերբակալուած ցուցարարները: Ի վերջոյ անոնք ազատ արձակուեցան Փաստաբաններու սենտիքայի նախագահին եւ խումբ մը փաստաբաններու ջանքերով:

Աւելի ուշ գիշերին ցուցարարներ սկսան պաշարել նախարարներու տուներ, վերջինը՝ ներքին գործոց նախարարի տունը ուր անոնք պահանջեցին, որ կամայական ձերբակալումներ չըլլան խաղաղ ցուցարարներու մինչ անոնց վրայ ճնշող ու անոնց վրայ յարձակելով իրենց վրանները քանդող մարդիկ ազատ կը մնան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին