Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Լիբանան Առաջին Տեղատարափ Անձրեւին Ընկղմեցաւ Ջուրերուն Տակ

Երկուշաբթի օրուայ տեղատարափ անձրեւը անդամալուծեց Լիբանանը երբ անոր գրեթէ բոլոր շրջանները անձրեւի ջուրով կազմուած գետերու հոսանքին ենթակայ մնացին: Մայրուղիներ փակուեցան եւ անտանելի խճողում մը ստեղծուեցաւ: 

Ժողովուրդը իշխանութիւնը մեղադրեց կոյուղիներու անբաւարարութեան այս քրոնիք խնդիրը տարիներէ ի վեր անլոյծ պահելուն համար:

Մինչ այդ յեղափոխութիւնը թեւակոխեց իր 54րդ օրը, որուն ընթացքին քաղաքացիներ դարձեալ փորձեցին փակել դէպի Պէյրութ առաջնորդող հիմնական կամուրջ՝ Ռինկը որպէս բողոք ամէն բան իր զէրօ հանգրուանին վերադառնալուն համար երբ երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները յետաձգուեցան ի չգոյէ վարչապետի շուրջ համաձայնութեան մը մինչ ժողովուրդը կը մերժէ ոեւէ կառավարութիւն որ կազմուած պիտի չըլլայ արհեստավարժ եւ անկախ անձնաւորութիւններով:

Ի տես այս իրավիճակին, միջազգային ընտանիքը Չորեքշաբթի օր ժողով մը պիտի գումարէ Փարիզի մէջ Լիբանանին օգնութիւն հասցնելու մտահոգութեամբ մինչ ան կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանի քաղաքական կողմերուն շուտափոյթ կերպով կառավարութիւն մը կազմելու՝ փրկելու համար երկիրը աւելի մեծ անկումէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին