Լիբանանի Մուֆթի Տըրյէն երէկ յետմիջօրէին իր զօրակցութիւնը եւ վստահութիւնը յայտնեց Սաատ Հարիրիին: Ան իր նախընտրութիւնը փոխանցեց վարչապետութեան թեկնածու Սամիր Խաթիպին, վերջինիս Տար էլ Ֆաթուա այցելութեան ժամանակ:
Խաթիպ թղթակիցներուն յսյտնեց, որ Մուֆթին զինք տեղեկացուցած է իր նախընտրութեան մասին: «Պիտի այցելեմ Սաատ Հարիրիին այս մասին տեղեկացնելու, որ իմ թեկնածութիւնս յետս պիտի քաշեմ»:
Արդարեւ նշուած տեսակցութենէն ետք, Խաթիպ իր թեկնածութիւնը յետս քաշեց:
Այս նոր իրադարձութեան լոյսին տակ, Նախագահական պալատէն լոյս տեսաւ հաղորդակցութիւն մը, որ կը յայտարարէր երեսփոխանական խորհրդակցութիւններու յետաձգումը մինչեւ յաջորդ Երկուշաբթի, առիթը տալով յաւելեալ խորհրդակցութիւններու: Ըստ հաղորդակցութեան, երեսփոխաններու հետ տեսակցութեան ժամանակացոյցը պիտի մնայ նոյնը:






