Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Պոլսահայութիւնը Կ՛ապրի Պատրիարքի Ընտրութեան Գործընթացի Վերջին Փուլերը

Պոլսոյ 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի եզրափակիչ փուլին բախտորոշ կէտը սահմանեց անցեալ շաբաթավերջը։ Պատրիարքական Աթոռի նոր գահակալի ընտրութեան համար տասներկու տարի սպասելէ վերջ ժողովուրդը ի վերջոյ փութաց քուէատուփի մօտ:

Ինչպէս ծանօթ է, պատրիարքի անխուսափելի թեկնածուներն են Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութիւնը արդէն զանոնք դարձուցած է անայլընտրանք: Ըստ «Ժամանակ»ին  Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին սատարող պատգամաւորի թեկնածուները համայնքին  ներկայացան մանիշակագոյն ցուցակներով, իսկ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին սատարող պատգամաւորի թեկնածուները՝ նարնջագոյն ցուցակներով։ Երկու թեկնածուներն ալ իրենց համախոհներուն հետ ընտրութենէն առաջ բոլորեցին աշխոյժ շրջան մը։

Վերջին պահուն կատարուած կարգադրութիւնով մը, ընտրողի բացակայութեան հետեւանքով քուէատուփ չէ զետեղուուած Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Այսպէսով ո՛չ թէ 103, այլ՝ 102 աշխարհական պատգամաւոր պիտի ընտրուի ժողովուրդին կողմէ։ Գործընթացի սկիզբին ընդհանուր առմամբ 120 պատգամաւորով պատրիարքի ընտրութեան կատարումը նախատեսուած էր, այդ թիւն ալ այսպէսով իջած պիտի ըլլայ 119-ի։

Այդ 102 պատգամաւորներուն վրայ պիտի աւելնան 17 հոգեւորական պատգամաւորներ, որոնք արդէն քանի մը օր առաջ ընտրուած են:

Երէկ Պոլսոյ մէջ ամբողջ օրն ընթացած աշխարհական պատգամաւորներուն ալ ընտրութիւնները հասած են իրենց լրումին:

Ըստ  աւանդութիւններուն, աշխարհական եւ հոգեւորական անդամներէ բաղկացեալ Ազգային Պատգամաւորական ժողովը այս Չորեքշաբթի գումարուելով պիտի ընտրէ Պատրիարքական Աթոռի նոր գահակալը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին