Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Բարի Ողջերթ

Կեանքի հոլովոյթին մէջ կը մշակուին ծանօթութիւններ, որոնք մշտանորոգ դրոշմ կը թողուն մեր յիշողութեան պաստառին վրայ:

Երբեմն բախտաւորութիւնը կը վիճակուի ջերմ բարեկամութիւններու հաստատ կամուրջներ հաստատել անձնաւորութիւններու հետ, որոնք ճշմարիտ մարմնաւորումը կը պատկերացնեն գլխագիր մարդու:

Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան մէկն է անոնցմէ:

Վերջերս Ամէնայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին տեսուչ նշանակած է Տ. Մեսրոպ վարդապետ Պարսամեանը:

Հակառակ իր յարաբերաբար երիտասարդ տարիքին, Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ամբարած է հարուստ փորձառութիւն սփիւռքահայ կեանքի ընդարձակ շրջագիծէն ներս, ծառայած ըլլալով տարբեր գաղութներու մէջ:

Պրիւսէլէն Ժընեւ, Նիս, Փարիզ, Սենթ Լուիզ (Միացեալ Նահանգներ) եւ վերջերս ալ ստանձնած էր լուսարարապետի պաշտօնը ԱՄՆ Արեւելեան թեմի Ս. Վարդան Մայր Տաճարին:

Պաշտօնավարութեան այս շրջանին ան մօտէն ծանօթացած է Հայկական տարբեր միջավայրերու եւ արժէքներու, առանց սակայն ամենադոյզն կերպով կորսնցուցած ըլլալու իր լաւատեսութիւնն ու կորովը:

Մեսրոպ վարդապետը դրական ներդրում ունեցած է հոն, ուր առաքուած է եկեղեցաշէն գործով, միշտ թիրախ ունենալով Հայածին երիտասարդութիւնը: Հակառակ ծառացող դժուարութիւններու ՝ օտար շրջապատի մէջ հասակ առնող երիտասարդ Հայերը ներշնչելու Հայու հոգիով, ան երբեք ընկրկած չէ: Իր  աշխատանքը եղած է բեղուն եւ արդիւնաշատ: Արդարեւ իր պաշտօնավարութեան աւարտին, ամենուրէք ան իր ետին թողած է բարի համբաւ: Աւելին, Մեսրոպ վարդապետը երբեք չէ վարակուած օտարամոլ մթնոլորտէն: Մնացած է հաւատարիմ իր ուխտին՝ ծառայելու մեր եկեղեցւոյ գերագոյն կեդրոնին, Ս. Էջմիածնին, Հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ Մայր Հայրենիք Հայաստանի յաւերժութեան:

Լուսաժպիտ, վարակիչ հաղորդականութեամբ եւ հրապուրիչ խառնուածքով, հեզահամբոյր հաւատքի այս մարդը, հոն է, ուր գտնուած է Հայ Եկեղեցին:

Բանիմաց եւ մշակուած մտքի տէր, Մեսրոպ վարդապետը եղած է անզիջող՝ պահելով  եւ պաշտպանելով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի բացարձակ, աներկբայ գերակայութիւնը: Անխոնջ ընթերցող եւ քաջածանօթ արեւելահայ եւ արեւմտահայ  հայ գրականութեան, ան անդուլ աշխատած է սիրեցնելու հայ գիրքը իր գործած շրջապատէն ներս: Քաջածանօթ Հայ եկեղեցւոյ ծիսականութեան եւ դարաւոր աւանդութեանց, տիպար եւ անբասիր այս հոգեւորականը լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը կը հանդիսանայ իր սերունդին:

Աշխատունակ եւ ուսումնատենչ, Նիւ Եորք իր պաշտօնավարութեան յարաբերաբար հակիրճ միջոցին, հակառակ իր բազմազբաղ առօրեային, Մեսրոպ վրդ. ընդունուած էր Fordham համալսարանէն. Իբրեւ PHD-ի թեկնածու: Ան միշտ հետամուտ եղած է գերազանցելու ինքզինք եւ յարատեւօրէն յառաջդիմելու:

Աւարտած է Ս. Էջմիածնի Ճեմարանը «գերազանց» որակումով: 2004-2007 թուականներուն երբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը առաքած էր զինք Սթրասպուրկ իբրեւ Էջմիածնի ներկայացուցիչ, ան ժամանակ գտած էր հետեւելու Մարկ Բլոկ պետական համալսարանի Կաթոլիկ Աստուածաբանութեան հիմնարկի դասընթացքներուն եւ 2007 թուականին արժանացած Մագիստրոսի տիտղոսին: Իսկ 2005 թուականին մասնակցած է Իռլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ Միջազգային կրթական կեդրոնի կողմէ կազմուած անգլերէն լեզուի եւ մշակոյթի դասընթացքներուն:

Հեռու յաւակնոտութիւնէ եւ փառասիրութենէ, Մեսրոպ վրդ. կ’ընդգրկէ իրեն վստահուած այս յոյժ կենսական առաքելութիւնը գլուխ  հանելու անսայթաք վճռակամութեամբ: Յիրաւի ճեմարանին շարքերէն պիտի գան վաղուան մեր հոգեւորականները եւ Հայր Սուրբը լաւագոյն գրաւականն է այս գործին յաջողութեան, որովհետեւ ինք մօտէն իրազեկ է նոր հոգեւորականները պատրաստելու աշխատանքին բոլոր ծալքերուն: Վեհափառ Հայրապետ վստահած է ճեմարանի տեսուչի պաշտօնը Մեսրոպ վրդ.-ին, քաջ գիտնալով թէ ինչ առաքելութիւն, որ վստահ էր Հայր Սուրբին, ան փայլուն յաջողութեամբ իրականացուած է: Արդարեւ, երբ Վեհափառ Հայրապետը 2004 թուականին զինք առաքած էր արտասահման եւ յաջորդող 15 տարիներուն, Մեսրոպ վրդ.ը իրեն վստահուած բոլոր պաշտօնները կատարած է բծախնդրութեամբ, վեր պահելով Ս. Էջմիածնի վարկն ու պատիւը եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի վստահութիւնը իրեն նկատմամբ:

Գէորգեան ճեմարանի տեսուչի պաշտօնը նոր մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ Մեսրոպ վրդ.-ին:

Ներկայիս Գէորգեան Ճեմարանի զուգահեռ կան նաեւ երկու այլ ուսումնական կեդրոններ, ուր կը պատրաստուին վաղուան հոգեւորականները: Հառիճավանքի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թրպանճեան ընծայարանը, ուր ուսանողները կը ստանան երկրորդական վարժարանի ուսում եւ ապա Սեւանի ճեմարանին մէջ կը շարունակեն իրենց գոլեճական ուսումը: Վերջին ուսումնական հանգրուանը Գէորգեան Ճեմարանն է, որուն շրջանաւարտները պատրաստուած կ’ըլլան յանձն առնելու իրենց վստահուած յանձնարարութիւնները: Ներկայիս, ընդամէնը 170 ուսանողները կ’ուսանին այս երեք կեդրոններուն մէջ: Կ’արժէ  յիշել թէ Գէորգեան Ճեմարանը այսօր Հայաստանի տարածքին վրայ գործող ամենահին կրթական հաստատութիւնն է հիմնուած ըլլալով 1874-ին:

Նկատի ունենալով հայ բնակչութեան յարաճուն աճը, հեռանկարներ կան Ռուսիոյ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ նաեւ հաստատել  հոգեւոր ճեմարան մը:

Մեսրոպ վրդ. միշտ սիրայօժար եւ անայլայլ կերպով ստանձնած է իրեն սահմանուած ամէն պատասխանատուութիւն:

Նիւ Եորք իր միամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին, հոգեշնորհ Հայր Սուրբը առիթը ունեցաւ ծանօթանալու գաղութին, Հայկական կեանքէն ներս տիրող դրական եւ ժխտական երեւոյթներուն: Անշուշտ ինչպէս տարբեր հայկական համայնքներէ  ներս  ուր Հայր Սուրբը եկեղեցաշէն գործունէութիւն ծաւալած էր, անկասկած մեր գաղութն ալ պիտի վայելէր արգասիքը իր գործունէութեան:

Մեր գաղութին կորուստը Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին շահը դարձաւ:

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին