Ըստ մարդաբանութեան (հին քաղաքակրթութիւններու գիտութիւն – anthropology), Նախահայրերու Պաշտամունքը կրօնական կիրառութիւն մըն է, որ հիմնուած է այն հաւատալիքին վրայ, թէ ընտանիքին մահացած անդամները կը շարունակեն գոյութիւն ունենալ եւ թէ անոնց ոգիները կը շարունակեն հոգ տանիլ ընտանիքին, կը մասնակցին աշխարհական կեանքին եւ կը տնօրինեն ապրողներուն կեանքն ու ապագան:
Այս երեւոյթը գոյութիւն առած է Ն.Ք. 6000 թուականին եւ տարածուած է հին քաղաքակրթութիւններու ցեղախումբերուն մէջ:
Ըստ երեւոյթին սակայն այս հաւատալիքը տակաւին կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ կարգ մը արդի քաղաքակրթութենէ դուրս ապրող ցեղախումբերու մօտ այսօր, որովհետեւ կ՛ըսուի թէ, գիտնականներ վերջերս յայտնաբերած են ցեղախումբ մը, որուն անդամները կը կարծեն, թէ իրենց մահացած ցեղապետը տակաւին իշխանութեան գլուխ է եւ տակաւին կ՛առաջնորդէ զիրենք, հակառակ անոր շատո՜նց մահացած ըլլալուն:
Վերոյիշեալը զուտ մարդաբանական բնոյթով տուեալ մըն է սիրելի ընթերցող: Յանկարծ չքաղաքականացնէք կամ մեր ազգային կեանքին մէջ հորիզոնականներ չփնտռէք…:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ