Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կոչ ուղղեց բարեկամ պետութիւններու օգնելու Լիբանանին իր ներածումներու խնդրով:
Քաղաքական եւ տնտեսական վերիվայրումներու այս օրերուն, որուն ընթացքին կանխիկ ամերիկեան տոլարի պակասը ստեղծուեցաւ Լիբանան, որպէս հետեւանք սկսաւ լուրջ հարցեր դիմակալել ինչ կը վերաբերի ապրանքներու ներածումին, որուն արժէքը բնականաբար տոլարով է:
Հարիրի Լիբանանի բարեկամներէն խնդրեց ապահովագրել ներածումներու վարկերը նամանաւանդ ուտեստեղէնի եւ հում նիւթի բնագաւառներէն ներս:
Հարիրի իր խնդրանքը ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն, Չինաստանի եւ Իտալիոյ վարչապետներուն եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարին:
Այս, մինչ նախագահ Աունի հրաւէրը երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն տակաւին կայուն է եւ ամենահաւանական թեկնածուն վարչապետ նշանակուելու՝ Սամիր Խաթիպն է հակառակ այն ընդհանուր կարծիքին, որ Հարիրին է լաւագոյն անձը այս հանգրուանին վարչապետ նշանակուելու:
Մինչ իշխանութիւնը զբաղած է այս նիւթով ցուցարարները կը մերժեն նման բեմադրութիւնը եւ անդրդուելի կը մնան իրենց պահանջներուն մէջ, որն է նոր կառավարութեան առանց նախնիներու մասնակցութեան:






