Մինչ իշխանութիւնը զբաղած է իրար մէջ բաժնելու թէական կառավարութիւնը, որուն շուրջ կը փորձեն համաձայնիլ քաղաքական կողմերը, յեղափոխութեան 50րդ օրը բողոքարարները ճամբաներ եւ դպրոցներ փակեցին մասնաւորապէս Լիբանանի հիւսիսի եւ հարաւի կարեւորագոյն երկու քաղաքներուն մէջ:
Ուշադրութիւն չդարձնելով ծանր անձրեւին եւ կլիմայական ծանր պայմաններուն ցուցարարները հաւաքուեցան Սայտայի մէջ եւ փակեցին դպրոցները: Նոյնը պատահեցաւ Թրիփոլիի մէջ, ուր ցուցարարները փակեցին շարք մը կարեւոր ճամբաները խափանելով փոխադրութիւնը քաղաքին մէջ: Թրիփոլիի մէջ ալ շատ մը դպրոցներ փակ մնացին ուր նաեւ փակուեցան առեւտրական հաստատութիւններ:
Արեւելեան Պեքաաի մէջ ալ ցոյցեր կատարուեցան, ուր ցուցարարները անիւներ այրեցին:
Պէյրութի մէջ գիշեր մը առաջ փակուած ճամբաները կերպով մը բացուեցան առաւօտեան ժամերուն բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջամտութեամբ:
Ցոյցերու այս վերջին ալիքը սկիզբ առաւ երբ նախագահ Աուն ճշդեց երեսփոխանական խորհրդակցութեանց թուականը մինչ լուրեր կան, որ յաջորդ կառավարութիւնը պիտի չկազմուի ըստ յեղափոխականներուն պահանջներուն:






