«Զարթօնք» օրաթերթի ծրագրած պարբերական հանդիպումներով լուսաբանական երեկոները կը շարունակուին Թէքէեան Կեդրոնի մէջ:
Այժմէական Հարցերու Բազմաձայն Քննարկումներու Բ. Հանդիպման մեր նիւթը եղաւ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ. Դրամատնային Համակարգի եւ Տնտեսա-Ֆինանսական Պայմաններու Ներկայ Իրավիճակը:
Այս Բ. հանդիպման հիմնական հիւրը հանդիսացաւ Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան նախկին փոխ-կառավարիչ Ալեն Պալեանը:
Հանդիպման մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ: