Նախագահական գրասենեակէն երէկ տեղեկացուեցաւ, թէ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ Երկուշաբթի եւ այս առնչութեամբ հրապարակուեցաւ նաեւ իւրաքանչիւր երեսփոխանական պլոքի ժամադրութեան մանրամասնութիւնները:
Այս պահուս դրութեամբ վարչապետ նշանակուելու ամենահաւանական թեկնածուն է Սամիր Էլ Խաթիպը, որուն թեկնածութեան չառարկեց վարչապետ Սաատ Հարիրին:
Նոյն խնդրին շուրջ նախկին վարչապետներու խմբակցութիւնը հակասահմանադրական նկատեց նախագահ Աունի տարած բանակցութիւնները կողմերու հետ, որ կանխեց պարտադիր խորհրդակցութիւնները: Ըստ նախկին վարչապետներուն, այս վերաբերմունքը համահունչ չէ սահմանադրական օրինակարգին հետ:
Հազիւ յստակ դարձաւ, որ խորհրդակցութիւններու օրը ճշդուած է եւ թէ միտում կայ քաղաքական գործիչներ պարունակող կառավարութիւն մը կազմել հետ խորհրդակցութեանց եւ վարչապետի նշանակումին, ցուցարարները դարձեալ դիմեցին մայրուղիներու փակման:
Ռինկի կամուրջն ու այլ շրջաններու դէպի Պէյրութ առաջնորդող մայրուղիներու վրայ փութացին ըլլալ ցուցարարները, որոնք փորձեցին փակել ճամբաները, որուն հակադարձեցին ներքին ապահովութեան ուժերը:
Տասը օրուան մէջ երկրորդ դէպքը հանդիսանալով Պէյրութի մէջ երիտասարդ մը անձնասպան եղաւ: Պատճառը տնտեսական վիճակն է: Շուրջ յիսուն օրէ ի վեր երկրին մէջ ծաւալած դէպքերը կը շարունակեն իրենց ծանր հետեւանքներն ունենալ երկրի աշխատաւոր խաւին վրայ։ Երէկ Տանի Ապու Հայտար անունով երիտասարդ մը անձնասպան եղաւ։
Այս մասին յայտարարող աղբիւրները կը նշեցին, որ 41 տարեկան Ապու Հայտար անձնասպանութեան դիմած է՝ գործէ արձակուելուն պատճառով: Դէպքը տեղի ունեցաւ Նապաա ժողովրդային թաղամասին մէջ, ըստ անձնասպանութիւն գործած եւ երեք զաւակներու հայր Տանիի եղբօր ան այս քայլին դիմած է իր վրայ եղած պարտքերը չկարողանալ վճարելու հետեւանքով։ Նշենք, որ շուրջ տասը օր առաջ Նաժի Ֆլիթի անունով երիտասարդ մը նոյնպէս այդ քայլին դիմած էր եւ վերջ տուած իր կեանքին։