Կիրակի, 08. 03. 2026

spot_img

Սուրիոյ Մէջ Հայ Մասնագէտներու Խումբի Երրորդ Հերթափոխի Ականազերծողները 2417 քմ Տարածք Մաքրած Են

Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող հայ մասնագէտներու խումբի երրորդ հերթափոխի ականազերծողները, Նոյեմբեր 1-30, 2417 քառակուսի մեթր տարածք մաքրած են:

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեանը յայտնած է, թէ ականազերծման աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերուած է 2 հատ 120 մմ արկ, 2 հատ ՏՄ-62պ3, 1 հատ ՊՄՆ-2, 4 հատ ՕԶՄ-72, 2 հատ ինքնաշէն պայթուցիկ սարք:

Նոյն ժամանակահատուածին հայ բժիշկները հետազօտած եւ բուժօգնութիւն տրամադրած են 1147 մարդու:

Փետրուարէն մինչ այս պահը հայ մասնագէտները բուժած են մօտաւորապէս 6800 հիւանդ, սակրաւորները ականազերծած են 123 հազար քառակուսի մեթր տարածք։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին