Հայ օգտատէրերը համացանցով անծանօթներու հետ ռազմական բնոյթի թեմաներով շփումներէն զերծ պահելու նպատակով՝ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պաշտօնական կայքով եւ Facebook-ով հրապարակած է հասարակական կոչ պարունակող լուսանկար: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԱԾ մամուլի կեդրոնէն:
«Կոչ կ՝ընենք ՀՀ բոլոր քաղաքացիներուն զերծ մնալու հասարակական ցանցերու մէջ անծանօթներու հետ ռազմական բնոյթի թեմաներով շփումներէն, միաժամանակ կը տեղեկացնենք, որ նմանատիպ խնդիրներու առնչուելու պարագային, յետադարձ կապ հաստատել migri@sns.am ելեկտրոնային հասցէի միջոցով»,- ըսուած է ՀՀ ԱԱԾ հաղորդագրութեան մէջ:






