Կիրակի, 08. 03. 2026

spot_img

Մինչ Տնտեսական Տագնապը Կը Սրի Կառավարութեան Կազմութեան Համար Որոշ Զիջումներու Մասին Կը Յայտարարուի

Տնտեսական սուր տագնապին լոյսին տակ եւ մինչ վարչապետ Հարիրի հաստատ կը մնայ «թէքնոքրաթ» կառավարութիւն մը կազմելու իր ծրագրին վրայ, ԱԳ նախարար Ժըպրան Պասիլ իր գլխաւորած կուսակցութեան դաշինքին ժողովէն ետք յայտարարեց, որ իր կուսակցութիւնը պատրաստ է զիջելու իր տեղը կառավարութեան մէջ եթէ այս զիջումը կառավարութեան յաջողութեան պիտի նպաստէ:

Այս յայտարարութիւնը, որոշ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ անշուշտ մինչ միջազգային ընտանիքը խորապէս մտահոգ է Լիբանանի իրավիճակով։ Այս ուղղութեամբ, ըստ կարգ մը աղբիւրներու, փորձագէտներ կարծիք յայտնած են, որ եթէ իրավիճակը այս հունով ընթանայ, ապա լարուածութիւնը աւելիով կրնայ աճիլ, բան մը, որուն հետեւանքով ալ երկիրը կրնայ մօտենալ համընդհանուր փլուզման:

Իր կողմէ Ընկերվար-Յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտարարեց, որ կառավարութեան կազմութեան շուրջ տարուող խօսակցութիւններն ու աշխատանքը ըստ իրեն հակասահմանադրական է:

Այս բոլորին առընթեր երէկ հազիւ, որ վարչապետութեան թեկնածու Սամիր Ալ Խաթիպի անունը դարձեալ շրջանառութեան դրուեցաւ նշուելով, թէ հաւանականութիւնը մեծ է, որ ան գլխաւորէ խառն կառավարութիւն մը, քաղաքական կողմերու եւ արհեստավարժներու մասնակցութեամբ, փողոցը դարձեալ լեցուեցաւ ցուցարարներով, որոնք բացարձակապէս կը մերժէին նման կառավարութեան մը կազմութիւնը, որ չի համապատասխանէր իրենց շարժումի պահանջներուն: Արդարեւ ուշ երեկոյեան Ռինկի կամուրջը դարձեալ փակուեցաւ ժողովուրդին կողմէ հակառակ ներքին ապահովական ուժերու մեծ ջանքերուն ճամբան բաց պահելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին