Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

ՍԴՀԿի եւ ՌԱԿի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Սեպուհ Գալփաքեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեան հանդիպում մը ունեցան ՍԴՀԿի կեդրոնական գրասենեակին մէջ։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու վերջին ժամանակաշրջանին Լիբանանի մէջ կատարուող մտահոգիչ անցուդարձները: Խօսակիցները մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակին նկատմամբ: Կողմերը  ընդգծեցին կառավարութեան մը շուտափոյթ կազմութեան կարեւորութիւնը, որ համահունչ պէտք է ըլլայ ժողովրդային արդարացի պահանջին հետ, որն է ունենալ արհեստավարժներէ կազմուած նախարարաց խորհուրդ մը, որ ի վիճակի ըլլայ երկիրը դուրս բերել տնտեսական ներկայ այս անել ճգնաժամէն:

ՍԴՀԿի եւ ՌԱԿի ներկայացուցիչները միասնաբար արծարծեցին նաեւ Լիբանանահայութեան մտահոգութիւններն ու յոյզերը: Ժողովականները հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ տարրերուն միասնականութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ սեպեցին եւ առ այդ, նման հանդիպումներ անհրաժեշտ նկատեցին, միասնաբար եւ համակարգուած կերպով ծրագիրներ մշակելու եւ գործադրութեան դնելու համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին