Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ Լիբանանի Հայ Երեք Համայնքապետերու Հանդիպում

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ` գերաշնորհ Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, երկուշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2019-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հայ երեք համայնքապետեր` գերաշնորհ Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոս, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական արհիապատիւ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան հանդիպում մը ունեցան եւ քննարկեցին Լիբանանի աւելի քան միամսեայ ժողովրդային պահանջներուն եւ ընկերա-քաղաքական ու տնտեսական անցուդարձերուն հոլովոյթը եւ անոնց լիբանանահայութեան վրայ գործած ազդեցութիւնը։

Անոնք ընդգծեցին, թէ Լիբանանի մէջ պարզուած ներկայ կացութիւնը խորացող տագնապի վերածուած է, եւ ժողովրդային ցասումին ի պատասխան` պետութիւնը արագ եւ արմատական լուծումներ պէտք է գտնէ որպէսզի լիբանանցին արժանապատիւ կեանք ունենայ։

Համայնքապետերը շեշտեցին, որ այս դժուարին հանգրուանին լիբանանահայութիւնը հաւաքական ճիգերով պէտք է դիմագրաւէ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրները՝ առարկայական եւ հեռանկարային ծրագիրներով։

Հոգեւոր երեք պետերը նաեւ համաձայնեցան հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականներու մասնակցութեամբ Լիբանանի խաղաղութեան համար համատեղ աղօթք կատարել երեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր, երեկ. ժամը 6.00-ին, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, հաստատելով, որ յառաջիկայ հանգրուանին պիտի իրականացնեն համապատասխան հանդիպումներ՝ սերտելու համատեղ գործակցութեան կարելիութիւնները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին