Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

«Անհրաժեշտ Է Զօրավիգ Կանգնիլ Մեր Երիտասարդութեան» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս երիտասարդութիւնը պէտք է դառնայ առանցքային ներկայութիւն, ո՛չ ձեւական կերպով, ո՛չ սոսկ լսողի ու հետեւողի դերով, այլ՝ մասնակցողի։

Մենք յոյժ կարիքը ունինք երիտասարդութեան, անոր մտքին ու շունչին։ Փորձառութիւնը բնական ընթացքով կու գայ, սակայն երիտասարդութեան իւրայատուկ մօտեցումը եւ անոր բերելիք մասնագիտական նպաստը էական են մեր կեանքին համար։ Հնամաշ գործելակերպերէ, կարծրատիպ մտայնութենէ, երբեմն դասական ու աւանդական դարձած մօտեցումներէ հարկ է հեռու մնանք։ Ոչ տեսութիւն է եւ ոչ ալ հռետորութիւն է ըսելն ու յիշեցնելը, թէ արմատական ու արագ փոփոխութեան մէջ գտնուող աշխարհի մէջ կ՚ապրինք։

Երիտասարդութիւնը կոչուած է մէկ կողմէ կառչելու իր արմատներուն եւ միւս կողմէ՝ բացուելու ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն», ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) նորընտիր վարչութեան, որ իր հոգեւոր խորհրդատուին գլխաւորութեամբ եկած էր Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու։

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ի նորանշանակ հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանին պատրաստակամութիւնը օգտակար հանդիսանալու միութեան աշխատանքներուն։ Յայտնենք, որ Հայր Սուրբը Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ուսման ու հոգեւոր առաքելութեան աւարտին վերջերս վերադարձած էր Մայրավանք, եւ Նորին Սրբութիւնը զինք նշանակած էր Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ի հոգեւոր խորհրդատու։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին