Շաբաթ, 30 նոյեմբեր 2019-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Լիբանանի հայոց առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոս ընդունեց Լիբանանի թեմի վեց քահանայացուները` Յովիկ սրկ. Ալթունեան, Աւետիս սրկ. Ասայեան, Վրէժ սրկ. Կրպոյեան, Ասատուր սրկ. Եղիայեան, Ֆիլիփ կիս. Ժինեան եւ Հրակ կիս. Գալաճեան։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի թեմի քարոզիչ` Գերպ. Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:
Սրբազան հայրը նախ որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ Անթիլիասի քահանաներու պատրաստութեան դասընթացքին ճամբով մեր քահանայացուները կը կազմաւորուին իրենց ապագայի անձնդիր ծառայութիւնը հաւատքով եւ գիտակցութեամբ ստանձնելու։
Ապա, ան իր հայրական թելադրութիւնները կատարեց քահանայացուներուն` պարզելով անոնց հովուական առաքելութեան եզակիութիւնը Հայ եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ։