Այժմէական Հարցերու Բազմաձայն Քննարկումներ
Ա. Հանդիպում
«Լիբանանի Ժողովրդային Ընդվզումը. Պատճառներ, Ներկայ Իրավիճակ, Հեռանկարներ» վերնագրով «Զարթօնք»ի կազմակերպած պարբերական հանդիպումներու առաջինը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբերի երեկոյեան, Թէքէեան Կեդրոնի մէջ, Ա. յարկ:
Բացման խօսքով, «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան բարիգալուստ մաղթեց ներկաներուն, ընդգծեց որ հանդիպումներու այս շարքը կը նպատակադրէ Լիբանանի ներկայ կացութեամբ եւ լիբանանահայութեամբ մտահոգ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ազգային մեր մտահոգութիւններն ու յոյզերը ապրող ազգայիններու կլոր սեղան մը յառաջացնել, ուր միտքեր փոխանակուին, կարծիքներ լուսաբանուին եւ կարելի համապատկեր մը գոյացուի՝ նուազեցնելու համար բոլորիս խարխափումներն ու անորոշութիւնները:
Ապա խօսք առաւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ «հաւաքաբար մտածելու աշխատանոց մը» նկատեց հանդիպումը, նշեց անոր ձեւաչափը եւ խօսքը տուաւ հանդիպման հիմնական հիւր՝ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին:
Իր ծաւալուն խօսքին մէջ, Վեր. Հայտօսթեան անդրադարձաւ ժողովրդային այս շարժումին տեղական, շրջանային եւ միջազգային ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, քարիւղի, պետական համակարգի, կառուցային, կառավարման եւ քաղաքացիական մշակոյթի ու այլ գործօններու, որոնք ուղղակի եւ անուղղակի, հեռակայ կամ անմիջական դեր խաղացին ներկայ վիճակին յառաջացման:
Իբրեւ լիբանանեան ակնառու իւրայատկութիւններ, Վեր. Հայտօսթեան մատնանշեց լիբանանեան հակասութիւններու խումբ մը եւ առանձնացուց յետ-արդիական բայց նաեւ պահպանողական, գործնապաշտ/օգտապաշտ բայց նաեւ զոհուող, աշխատասէր բայց նաեւ նուազագոյն ներդրումով առաւելագոյնը ձեռք ձգելու ձգտող, օտարին եւ ուրիշին հաղորդակցող բայց նաեւ ներամփոփ, իրեն համար առաւելագոյնը բայց նաեւ երկրին ու պետականութեան համար նուազագոյնը տալու ձգտող լիբանանցիի դիմանկարը: Ան բացատրեց. «Կան այսօր տեղական մասնակի եզրակացութիւններ: Ամէն անձ կրնայ ընտրել տարբեր իրականութիւն: Սակայն եւ այնպէս, պիտի չգտնուի լուծում ներկայ վիճակին առանց ներքին եւ արտաքին միջամտութեանց եւ դրական ու դրամական ներդրումներու»:
Զեկուցաբերը ծանրացաւ տնտեսականին վրայ. «Մարդ հակամէտ է հանդուրժելու շատ անարդարութիւն, վտանգ, անկայունութիւն, հինէն եկող համատարած փտածութիւն: Սակայն երբ իր տնտեսականը կը վտանգուի՝ ան կը սկսի իր շուրջ եղողներէն լուրջ հաշիւ պահանջել, նոյնիսկ եթէ ինք բնաւ հաշուետու եղած չէ»:
Ան շեշտեց արեւմտեան աշխարհի պահանջները՝ Լիբանանէն, մատնանշեց ներքին պառակտուածութիւնը, եւ դժուար օրեր ակնկալեց երկրին ու թելադրեց խնայողութիւն իր բոլոր երեսակներով:
Իր խօսքի աւարտին, Վեր. Հայտօսթեան, վերյիշեցուց լիբանահայ յատկանիշերը. «Դրական աշխատանքի մէջ ըլլալ, չտարուելով սուտերէ եւ չափազանցութիւններէ եւ իւրաքանչիւրս կայուն հիմերու վրայ կենալ:
Ամէն մէկ կողմ ինք իր վրան առնէ լաւը ընելու աշխատանքը փոխանակ այլոց յանցանքը փնտռելու:
Մեր լիբանանեան եւ հայկական հիմնական դրամագլուխը ըլլայ ճկունութիւն, դիմադրողականութիւն, հաստատ կամք որ պիտի վերականգնինք ու վերականգնենք»:
Ներհուն այս զեկոյցէն ետք, խօսք առաւ նաեւ երեսփոխանուհի Փոլա Եագուպեան, ողջունելով ներկաները եւ նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը, խօսեցաւ իր արմատներուն եւ տարած բարեկարգչական աշխատանքներուն մասին ընդգծելով Լիբանանի մէջ սոյն օրերուն յեղափոխութեան կարեւորութիւնը ի խնդիր աւելի լաւ ապագայի: Ապա ներկաներուն մէջ ծաւալեցաւ աշխուժ խօսակցութիւն ու քննարկում: Ներկաները բաժնեկցեցան իրենց աշխատանքային նորօրեայ դժուարութիւններուն մասին, բարձրաձայնուեցան հայկական համագործակցութեան եւ հայկական կառոյցները պահպանելու հարցերը:
Ձեռնարկի աւարտին, Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, Վեր. Դոկտ. Հայտօսթեանին՝ իր ընդառաջումին եւ խոհուն զեկոյցին համար եւ յայտնեց որ յաջորդ հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ լիբանանեան տնտեսութեան:
Շուրջ երկժամեայ այս հանդիպումէն ներկաները մեկնեցան, ընդգծելով նման հանդիպումներու անհրաժեշտութիւնն ու դրական դերը: