«Զարթօնք» օրաթերթի ծրագրած պարբերական հանդիպումներով լուսաբանական երեկոները ընթացք առին երէկ Թէքէեան Կեդրոնի մէջ:
Այժմէական Հարցերու Բազմաձայն Քննարկումներու Ա. Հանդիպման մեր նիւթը եղաւ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԸՆԴՎԶՈՒՄԸ. Պատճառներ, Ներկայ Իրավիճակ, Հեռանկարներ:
Այս Ա. հանդիպման հիմնական հիւրը հանդիսացաւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը:
Հանդիպման մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ: