Լիբանանի տարածքին գործող վառելանիւթի կայարանները իրենց սենտիքայի որոշումովը երէկ, բաց գործադուլ յայտարարեցին բողոքելով լիբանանեան դրամանիշով գանձելու եւ տոլարով վճարելու իրենց պարտաւորութիւնը, բան մը, որ իրենց մեծ վնասներու կ՛ենթարկէ:
Այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք ինքնաշարժներու երկար շարասիւներ յայտնուեցան կայարաններու առջեւ ապահովելու համար վառելանիւթ:
Այլ ներածողներու սենտիքաներ եւս սպառնացին նոյնանման քայլերու դիմել:






