Նախագահ Միշէլ Աուն այսօր կը գլխաւորէ բարձրագոյն մակարդակի տնտեսական ժողով մը, որ պիտի քննարկէ Լիբանանի ներկայ ֆինանսական խնդիրները: Այս մասին յայտարարեց նախագահական գրասենեակը:
Ժողովին ներկայ պիտի ըլլան Ֆինանսներու, տնտեսութեան եւ այլ առնչուած նախարարներ ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչ՝ Ռիատ Սալամէն:
Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական եւ ֆինանսական լուրջ մարտահրաւէրներ , որուն ընթացքին դրամանիշը արժեզրկուած է շուկայի վրայ, բան մը, որ ժխտական ձեւով կ՛ազդէ գիներուն վրայ, մանաւանդ ներածուած ապրանքներու պարագային:






