Գահիրէի Կոկանեան Սրահ: Հարիւրաւոր հայորդիներու սիրելի ակումբ, ուր ուրախութեամբ կ’այցելեն: Սրահ մը, որ այսօր ար-դէն 70 տարի շարունակ բեղուն եւ հետաքրքրական գործունէութիւն կը ծաւալէ բոլոր տարիքի եւ տար-բեր նախասիրութիւններ ունեցող մարդոց համար:
Այո՛, բոլո՛րը՝ անխտիր սրահին անունն ու վայրը լաւ գիտեն:
Սակայն, քանինե՞ր գիտեն անչափ ԹԱՆԿԱԳԻՆ այդ նուէրը իրենց ժառանգութիւն ձգած ՄԱՐԴՈՒՆ՝ ԼԵՒՈՆ ԿՈԿԱՆԵԱՆԻՆ մասին:
Անկեղծօրէն պիտի խոստովանիմ որ ես ալ բաւա-կանին խղճուկ տեղեկութիւններ ունէի այդ ազնիւ բարերարին մասին, մինչեւ որ պատահաբար ձեռքս անցաւ իր մահուան առթիւ՝ Պէյրութ, 1950-ին հրա-տարակուած գրքոյկը՝ Հայ Ազգ. Հիմնադրամի Պէյ-րութի Յանձնախումբին կողմէ:
Իրապէս բացայայտում մըն էր ինծի համար՝ ե՛ւ ուրախալի, ե՛ւ յուզիչ, ե՛ւ զարմա-նալի… Կարդալով անոր մասին գրած մահախօսականները, հասկցայ որ պզտիկ ժամանակ լսածս հէքեաթներու մէջ եղած անսահման բարի, ազնիւ, արդարամիտ եւ առատաձեռն հերոսները իրական կրնան ըլլալ….
Տարբեր՝ հայ կամ օտար պարբերականներու մէջ հրատարակուած բոլոր մահա-խօսականներու հեղինակները, ցաւակցական հեռագրերը կը կրկնեն «ՄԱՐԴՈՒ» մը, «ԲԱՐԵՐԱՐԻ» մը ցաւալի կորուստը՝ իբր անհատականութիւն, իբր գործի եւ հանրային աշխատանքի նուիրուած անձ մը:
70 տարի առաջ, 1949-ի Նոյեմբեր 26-ին, Գահիրէի մէջ կեանքին հրաժեշտ կու տար 67 տարեկան ՀԱՅ ՄԱՐԴ մը, որ իր հեռացումով խորը վիշտ կը պատճառէր համայն եգիպտահայութեանն ու ահռելի բաց մը կը ձգէր ազգային բարերարներու շարքին մէջ: Եւ ատիկա՝ անչափ համեստ, եկեղեցասէր, ծառայասէր, ազնիւ, ուղղամիտ եւ պատուական Լեւոն Կոկանեանն էր:
Բոլորը կը շեշտադրեն, թէ Կոկանեան խառնուածքով բարի եւ ազնիւ, նուրբ կեն-ցաղավարութեամբ եւ զգայուն, հանդարտաբարոյ, աննկարագրելի համեստ եւ խո-նարհ, մատչելի եւ սիրելի եղած է ամէնուն, այդ պատճառով ալ անոր Ազգային յուղարկաւորութիւնը վերածուած է համաժողովրդական բացառիկ յարգանքի տուրքի մը՝ մասնակցութեամբ Ազգ. Իշխանութեան, հոսանքներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, ազգայիններու, ժողովրդական այլազան խաւերու եւ օտար-ներու:
Ան հաստատակամութեամբ իր ժողովուրդին հետ եղած է դժուարութիւններու եւ յաջողութիւններու պահերուն, խորը կերպով ապրած եւ զգացած է անոր վիշտն ու ցաւը՝ արհամարհելով վտանգն ու քաղաքական բոլոր խոչընդոտները: Իր բարոյա-կան եւ նիւթական անմնացորդ ծառայութիւնը բերած է Հայոց Եկեղեցիին, իր ան-կեղծ սէրը արտայայտած է Մայր Հայրենիքին հանդէպ: Կոկանեան ազգային կազ-մակերպութիւններու առաջնորդներու մէջ ըլլալով, եղած է ե՛ւ կուսակցական ե՛ւ ազգային կարկառուն դէմք մը:
Այս հայադրոշմ անձը սիրած է հայուն տոհմիկ ա-ւանդութիւններն ու ապրած՝ հայկական տոհմային սովորութիւններով. իր մէջ ամփոփած է գիտակից հայրենասիրութեան ճշգրիտ ըմբռնումը, զոր իր սըր-տին եւ հոգւոյն պահանջը եղած է: Իր ազնիւ եւ նոյն-պէս բարի կողակիցին՝ տիկին Լոլային հետ, իրենց տունը վերածած էին ազգային կեանքը յուզող հար-ցերու քննարկման վայրի մը: Անոնց դուռը միշտ բաց եղած է եկողներուն համար ու սեղանը՝ հիւրընկալ. մասնաւոր հաճոյք զգացած են անսահման ջերմ եւ սրտաբուխ, անկեղծ ու մեծ հոգածութեամբ հիւրա-սիրելով իրենց հայրենակիցները:
Լեւոն Կոկանեան ծնած էր 1882 թ.՝ Պոլսոյ Ֆերի Գիւղ թաղը. ծնողքին չորրորդ զաւակն էր: 1894-ին ընտանիքը Աղեքսանդրիա հաս-տատուած է: Ան մեծցած է հայեցի, անձնազոհ եւ յեղափոխական ոգի ու աւանդոյթ-ներ ունեցող ընտանիքի մը մէջ:
Լեւոն Կոկանեան Պոլիս յաճախած է Բերայի Նարեկեան եւ Ղալաթիոյ Ազգային Կեդրոնական վարժարանները: Իսկ Աղեքսանդրիոյ մէջ տարի մը յաճախած է Պօ-ղոսեան Ազգ. Վարժարանը, ապա՝ Սենթ Քաթերին Գոլէճը, որուն ընթացքը աւար-տած է 1900-ին: Ան եղած է շատ խելացի եւ խոհեմ աշակերտ մը՝ իր տարքին համար զարմանալի աչալուրջ: Այնուհետեւ թղթակցութեամբ աւարտած է Փարիզի Հանրօ-գուտ Շինութեանց Վարժարանը՝ ճարտարագէտի մասնագիտութեամբ, որուն շնոր-հիւ մտած է եգիպտական պետական ծառայութեան մէջ: Ժամանակ մը վերջ՝ որպէս ճարտարագէտ մտած է Պեհիրայի ընկերութիւն (չորս տարի), որմէ վերջ դարձեալ մտած է պետական ծառայութեան՝ ջրաբաշխական ճիւղը: Եօթը տարի պաշտօնա-վարութեան շրջանին, 1907-ին՝ ան Արմենակ մեծ եղբօրը հետ երկաթեղէնի փոքր գործատեղի մը հիմնած է, որ իր մասնագիտական եւ փորձառական հմտութեան, յոգնատանջ ճիգերու, անսպառ տոկունութեան հետեւանքով, աստիճանաբար զար-գացած եւ դարձած է ամէն տեսակի երկաթեայ արտադրութեանց մեծագոյն գործա-րաններէն մին Միջին Արեւելքի տարածքին, եւ յետագային մեծ դեր ունեցած է եգիպ-տական ճարտարարուեստական ասպարէզին մէջ: Այսպիսով, Կոկանեան Եգիպ-տոսի մէջ ճարտարարուեստի մը հիմը դրած է, որուն այնքան պէտք ունէր երկիրը:
Կոկանեան շատ բեղմնաւոր հանրային կեանք վարած է. ըլլալով գաղափարի մարդ եւ գաղափարի համար պայքարող մը, շատ կանուխէն մտած է ՌԱԿ-ի շար-քերը եւ եղած՝ առաջաւոր եւ պատասխանատու անձ մը կուսակցութեան ղեկավա-րութեան մէջ: Ան մէկէ աւելի անգամներ եղած է՝ Հելիոպոլսոյ Ակումբի Վարչու-թեան, Եգիպտոսի Շրջ. Վարչութեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ: 1926-ին՝ եղած է Գահիրէի Թեմական Ժողովի անդամ եւ հիմնադիր, որմէ վերջ միշտ երեսփոխան ընտրուած է: 1942թ. Օգոստոս 3-էն, Կոկանեան «Արեւ» օրաթերթին արտօնատէրը եղած է, եւ ոչինչ խնայած է թերթին մատակարարութիւնը գոհացու-ցիչ պայմաններու հասցնելու համար: Հիւանդ վիճակին մէջ նոյնիսկ, արդէն ծերու-նազարդ ու պատուական այդ մարդը, շաբաթը առնուազն երեք-չորս անգամ, «Արեւ»-ի խմբագրատուն այցելած է…
Հնարամիտ եւ ժամանակին հետ քայլ պահող Կոկանեան, Բ. Աշխարհամարտի ըն-թացքին մեծապէս օգնած է անգլիական բանակին՝ հայթայթելով քարիւղի եւ ջուրի երկաթեայ ամաններ:
Հազուագիւտ եռանդի տէր այդ ծայրայեղ հայրենասէրը, ժպտուն եւ խիստ համակ-րելի դէմքով, բարձր արժանիքներով օժտուած անձնաւորութիւնը ազգային բոլոր հաստատութիւններուն սիրով օժանդակած եւ բարեսիրական ու մշակութային որե-ւէ գործի կամ ձեռնարկի իր օժանդակութիւնը բերած է՝ առանց թմբկահարութեան:
Թուարկել անհնար է հոգիով եւ սրտով հարուստ Լեւոն Կոկանեանի ըրած յայտնի եւ անյայտ բոլոր բարերարութիւնները. նշենք քանի մը հատը միայն:
Սիրելով եւ գուրգուրալով հայ լեզուին վրայ, ան նպաստներ սահմանած է Անթիլ-իասի եւ Էջմիածնի դպրեվանքերու, Պէյրութի ֆրանսական եւ ամերիկեան համալ-սարաններու եւ Եգիպտոսի հայկական վարժարաններէն ներս ուսանող շատ սանե-րու (շատերուն գաղտնի օգնելով), նաեւ՝ ազգային բարեսիրական եւ մշակութային միութիւններու, բաւականին մեծ գումար մը ներդնելով՝ եղած է Հայ Ազգային Հիմ-նադրամի հիմնադիրներէն մին, ատենապետը եղած է Աղեքսանդրապոլի երկրա-շարժի Աղէտեալներու Յանձնաժողովին, եղած է մեկենասը Խ. Գուրեանի «Աստուա-ծաշունչը Արդի Բանասիրութեան Լոյսին Տակ» գիրքին եւ Վ. Թէքէեանի գործերէն հատորի մը: Իր տիկնոջը հետ, Հելիոպոլսոյ մէջ շինել տուած է ամէն յարմարու-թիւններով օժտուած գեղեցիկ Կոկանեան սրահը եւ զայն կուսակցութեան նուիրած (սրահին բացումը եղած է իր մահուընէ քանի մը շաբաթ առաջ): Այս քայլը ան ըրած է այն մտադրութեամբ որ եգիպտահայը ունենայ քաղաքական-մշակութային-ընկե-րային աշխոյժ եւ առողջ մթնոլորտով ընտանեկան եւ մտաւորական հաւաքոյթ-ներու կեդրոնատեղի մը՝ լաւ գիտակցելով որ հայաշունշ սրահի մը առկայութիւնը նաեւ կ’ապահովէ համայնքին գոյութեան պահպանումը: Եւ այդ բոլորը ան ըրած է լուռ, առանց շեփորահարելու: Հպարտութիւնը անծանօթ եղած է իրեն, նոյնիսկ իր յաջողութիւններու ամենափայլուն շրջանին:
Այսօ՛ր եւ մի՛շտ եգիպտահայ համայնքին համար մեծ հպարտութիւն եւ պատիւ է՝ Կոկանեանին պէս յարաճուն ու աննկուն կամքով, փայլուն միտքով ՄԱՐԴ մը իր շարքերուն մէջ ունեցած ըլլալուն համար. ՄԱՐԴ մը, որուն ներաշխարհը երկնային խաղաղութեամբ համակուած էր, որովհետեւ ան միայն հոգեկան, բարոյական եւ իմացական արժէքները կը պաշտէր՝ հետամուտ ըլլալով բարութեան, ճշմարտու-թեան, արդարութեան եւ գեղեցկութեան:
* * *
Կը ներկայացնեմ Լեւոն Կոկանեանի մասին եղած մահագրութիւններէն քանի մը մէջբերումներ (յապաւումներով).
«Հակառակ իր բազմաթիւ զբաղումներուն, իր դուռը միշտ բաց էր բոլորին առջեւ… Իր մարդասիրութիւնը առակի կարգ անցած էր եւ իր հայրենասիրութիւնը օրի-նակելի տոկունութիւն ունէր…»: (LA GAZETTE DU CAIRE ET D՛HELIOPOLIS, 11 Դեկտ., 1949)
«Բնութեամբ բարեհամբոյր, իր անձնական յարաբերութեանց մէջ քաղաքավար եւ հաճոյակատար, չունէր իր սեփական կարծիքը ուրիշներու պարտադրելու ձեւը… Կը սիրէր լսել ուրիշներն ալ, եւ աւելին՝ հազուագիւտ յատկութիւն մեր մէջ՝ կը հան-դուրժէր անոնց:
Կուսակցական, համայնքային ժողովներու մէջ աւելի կը սիրէր մտիկ ընել, քան խօ-սիլ, եւ աւելի կը սիրէր համոզուիլ քան թէ համոզել: Վիճող մը չէր խառնուածքով, ո՛չ ալ յախուռն՝ իր կարծիքներուն մէջ, բայց իր մէջ կը խօսէր ողջմտութիւնը, բնածին, որ իր յաջողութեան գաղտնիքն էր: Իր մեղմ բնաւորութիւնը զինք աւելի ընդունակ կը դարձնէր համերաշխութեան քան թէ պայքարի: Իբր փափկանկատ միտք՝ հան-դուրժող էր, բայց երբ անհրաժեշտ նկատէր իր խօսքը ըսելու, զայն շիտակ կ’ընէր: Իր խոստումը իրեն համար անբեկանելի վճիռ էր»:(Յովհ. Պօղոսեան, «Մեկնողները», Փարիզ, 5 Դեկտ., 1949)
«Ան հոգիի ու մտքի կեանքը ապրեցաւ միշտ տալով, երբեք չվախնալով որ տալով կը սպառի ունեցածը եւ տալով զգաց, թէ իրեն բան մը կը մնայ աշխարհէն»: (Խմբագ-րական «Արեւ»-ի)
«Մարդ մը կորսնցուցինք, մա՛րդ մը, որ իր արժանիքներով կը լրացնէր ամբողջա-կան մարդը՝ իբր ընտանիքի գուրգուրոտ հայր, նուիրուած հայրենասէր, դժբախտին կարեկցող սիրտ, հայ մշակոյթին մեկենաս, պարզ՝ բայց գրաւիչ խօսակից, սրբատաշ նկարագիր, գործնական միտք ու ազնուական հոգի»: (Պետրոս Տեփոյեան, «Արեւ», Ընկ. Լ. Կոկանեանի մահուան քառասունքին առթիւ)
«Բնականէն համեստ եւ սակաւախօս, բայց սրտաբուխ, առատաձեռն իր գործե-րուն մէջ, Կոկանեան դէմք մըն էր՝ որուն յիշատակը պիտի չմոռնայ գահիրէաբնակ հայութիւնը:
…Ան ազգային գաղափարականին ծառայող հաւատաւոր անդամակցութեամբը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, խօսք ու պոռոտախօսութիւններէ աւե-լի, իր հնչիւն աջակցութիւննրովը արժէքաւոր պիտի մնայ՝ հանդէպ ազգային բոլոր կարիքներուն»: (Միքայէլ Նաթանեան, «Զարթօնք» օրաթերթ)
«Այսպէս էր մարդը իր բարութեամբ, ազնուութեամբ, մարդկայնութեամբ. այսպէ՛ս էր հայ մարդը իր ազգասիրութեամբ, հայրենասիրութեամբ. գաղափարի մարդը՝ իր նուիրումով, զոհաբերումով, հաստատ համոզումներով ու խոհեմութեամբ. այսպէ՛ս էր հայրը՝ իր գուրգուրանքով ու ազնուական զգացումներով»: (Հ. Սարըեան, «Զար-թօնք», Լ. Կոկանեանի մահուան քառասունքին առթիւ)
Իբրեւ վերջաբան կ’ուզէի միայն ըսել՝ երանի՜՜ թէ մեր այսօրուան սերունդը տեղե-կացուած ըլլայ այս մեծանուն բարերարի կեանքին ու գործունէութեանը, գիտնայ անոր յարգը, եւ ինչո՞ւ ոչ, նաեւ օրինակ առնէ անոր ՄԱՐԴ տեսակէն….
ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ